ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՉՈՐՐՈՐԴ ՏԱՐԵԿԱՆ ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎ
Մարտ 26, 2018ՆԻՒ ՃԸՐԶԻ.- Մարտ 17-18, 2018 շաբաթավերջին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նիւ Ճըրզի շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ ԱՄՆ Արեւելեան եւ Արեւմտեան, ինչպէս նաեւ Գանատայի շրջանային վարչութիւններու չորրորդ տարեկան ժողովը, մասնակցութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչներ՝ Վիգէն Թիւֆէնքճեանի եւ Հրայր Պարոնեանի, երեք շրջանային վարչութիւններու ...