Հայ Մամուլի Համահայկական Համագումարին բացման նիստին Վեհափառ Հայրապետին պատգամը
Յուլիս 02, 2019Քրիստոնէական ջերմ սիրով, ազգային վառ ապրումներով եւ հայրապետական օրհնութեամբ կ'ողջունենք ձեզ՝ մեր ժողովուրդի հոգեւոր, բարոյական, մշակութային ու ազգային արժէքներու ու իտէալներու կենսագործման առաքելութեան նուիրուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մայրավանքէն ներս։ Հայրապետական այս դարաւոր Ս. Աթոռը կոչուած է "Տուն", որովհետեւ ան ...