Իշխանութիւնը երկու ամսով յետաձգեց բարձրաստիճան պաշտօնատարներու աշխատավարձերու բարձրացումը
November 13, 2026ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի իշխանութիւնները որոշեցին մինչեւ երկու ամսով յետաձգել բարձրաստիճան պետական պաշտօնատարներու աշխատավարձերու զգալի բարձրացում նախատեսող օրէնսդրական նախագիծին քննարկումը։ Ազգային ժողովի Պետական-իրաւական հարցերու մնայուն յանձնաժողովին նախագահ Արուսեակ Ջուլհակեան յայտնեց, որ կառավարութիւնը լրացուցիչ ժամանակ խնդրած է նախագիծը վերամշակելու եւ պետական տարբեր մարմիններու ներկայացուցած ...