Իշխանութիւնը երկու ամսով յետաձգեց բարձրաստիճան պաշտօնատարներու աշխատավարձերու բարձրացումը

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի իշխանութիւնները որոշեցին մինչեւ երկու ամսով յետաձգել բարձրաստիճան պետական պաշտօնատարներու աշխատավարձերու զգալի բարձրացում նախատեսող օրէնսդրական նախագիծին քննարկումը։

Ազգային ժողովի Պետական-իրաւական հարցերու մնայուն յանձնաժողովին նախագահ Արուսեակ Ջուլհակեան յայտնեց, որ կառավարութիւնը լրացուցիչ ժամանակ խնդրած է նախագիծը վերամշակելու եւ պետական տարբեր մարմիններու ներկայացուցած առաջարկները քննարկելու համար։

Նախագիծը, որ կառավարութեան հաւանութեան արժանացած էր Սեպտեմբերին, կը նախատեսէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ամսական աշխատավարձը շուրջ 70 առ հարիւրով բարձրացնել՝ հասցնելով 2.6 միլիոն դրամի։ Նախագահին աշխատավարձը եւս պիտի բարձրանայ աւելի քան 60 առ հարիւրով։

Նախարարներուն աշխատավարձերը գրեթէ պիտի կրկնապատկուին՝ հասնելով շուրջ երկու միլիոն դրամի, մինչդեռ Ազգային ժողովի նախագահին եւ պատգամաւորներուն վարձատրութիւնները եւս զգալի յաւելումներ պիտի կրեն։

Փոփոխութիւնները պիտի տարածուին նաեւ պետական ծառայութեան այլ պաշտօններու վրայ՝ առանց վերացնելու գործող պարգեւավճարները։

Օրէնսդրական ծրագիրին իրագործումը պետական պիւտճէին վրայ տարեկան մօտ 35 միլիառ դրամի յաւելեալ բեռ պիտի ստեղծէ։

Փաշինեան աշխատավարձերու բարձրացումը հիմնաւորած է պետական համակարգի արդիւնաւէտութիւնը բարելաւելու եւ փտածութեան դէմ պայքարը ամրապնդելու անհրաժեշտութեամբ։

Սակայն նախաձեռնութիւնը քննադատութեան արժանացած է պաշտօնատարներու եկամուտներու եւ քաղաքացիներու կենսամակարդակին միջեւ գոյութիւն ունեցող անհամաչափութեան պատճառով։

Իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան ներկայացուցիչները կը հերքեն, թէ նախագիծին յետաձգումը պայմանաւորուած է հանրային դժգոհութեամբ։ Ի սկզբանէ 2027-ի Յունուար 1-ին գործադրութեան դրուելիք փոփոխութիւններուն ժամկէտը այժմ կրնայ վերանայուիլ։