ՀՈՐԻԶՈՆԻ ԿԼՈՐ ՍԵՂԱՆԻՆ ՇՈՒՐՋ. Յիսուն տարի եւ աւելի (Բ.)
Մայիս 22, 2025Ինչպէս գրած էինք մեր նախորդ թիւով, Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի (ՍՅԱՎ) 50-ամեակին առթիւ կայացաւ սոյն զրոյցը մասնակցութեամբ տնօրէնուհիին՝ Լորի Ապրաքեանի եւ հայերէնի դասաւանդներ՝ մանկապարտէզի Ծաղիկ դասարանի ուսուցչուհի Սոնիա Բաբախեան-Գուզուճեանի, նախակրթարանի Գ. եւ Դ. կարգերու ուսուցչուհի Զեփիւռ Հաճեան-Ասատուրեանի եւ երկրորդականի ուսուցչուհի ...