Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԺԱՄԱՆԵՑ ՄՈՆԹՐԷԱԼ
Հոկտեմբեր 16, 2025Գանատայի հայոց թեմին ու Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ու Արեւմտեան հայոց թեմերուն տուած իր հովուապետական այցելութեան առաջին հանգրուանին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այսօր, Չորեքշաբթի, 15 Հոկտեմբեր 2025-ին, ժամանեց Մոնթրէալ (Գանատա): Օդակայանին մէջ Նորին Սրբութիւնը ընդունուեցաւ թեմի առաջնորդ սրբազանին՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն ...