Յունաստանի նախագահը ընդունած է Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչին
Մարտ 07, 2020Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ պրն. Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս, Աթէնքի նախագահական ապարանքին մէջ, Ուրբաթ 6 Մարտի երեկոյեան, ընդունեց Հ.Յ.Դ. ներկայացուցչութեան այցելութիւնը, գլխաւորութեամբ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի եւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Սերգօ Գույումճեանի եւ Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ ընկ. ...