Գանատահայութիւնը կը միանայ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման
Մայիս 06, 2024Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Թորոնթոյի «Ս. Զաւարեան» մասնաճիւղին, Կիրակի, 5 Մայիս 2024-ին, յետմիջօրէի ժամը 2:00-ին, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին դիմաց տեղի ունեցաւ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» զօրակցական ժողովրդային հաւաք, ներկայութեամբ Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածաին եկեղեցւոյ ...