Երեւանի մէջ հայ-իրանական բարձր մակարդակի հանդիպումներուն առանցքը՝ երկկողմ գործակցութիւն եւ ԹՐԻՓՓ-ի շուրջ մտահոգութիւններ
Հոկտեմբեր 16, 2026ԵՐԵՒԱՆ— Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան հոկտեմբեր 16-ին, Երեւանի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին, քննարկեցին հայ-իրանական յարաբերութիւններու խորացման, տնտեսական եւ ուժանիւթային գործակցութեան ընդլայնման, ինչպէս նաեւ նախապէս ձեռք բերուած համաձայնութիւններու գործադրութեան առնչուող հարցեր։ Միաժամանակ, Իրանի արտաքին գործոց նախարար ...