Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին մէջ Արցախի ղեկավարներու ազատ արձակման վերաբերեալ բանաձեւ պիտի ներկայացուի
Փետրուար 03, 2026Ֆրանսայի Ազգային ժողովին մէջ Արցախի Հանրապետութեան քաղաքական առաջնորդներու ազատ արձակման պահանջ ներկայացնող բանաձեւ մը պիտի ներկայացուի, կը հաղորդէ «Նուվել Տ’Արմենի»-ն։ Բանաձեւը Ֆրանսա–Հայաստան բարեկամութեան խումբին անունով պիտի ներկայացնէ Լորան Վոքիէնը այսօր յետմիջօրէին։ Բանաձեւին հիմնական դրոյթները հետեւեալներն են․ Զօրակցութիւն Արցախի բռնագաղթուած հայ բնակչութեան, որ ...