Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը Հազարաւոր Քթակապեր Կը Կարէ
Մարտ 27, 2020Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը կը թելադրէ մշտապէս օգտագործել քթակապեր նախազգուշանալու պսակաձեւ ժահրէն եւ զերծ մնալու որեւէ վարակի փոխանցումէն։ Այս իմաստով Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութեան Աշխատանոցի Յանձնախումբը ժողովուրդի զաւակներուն, յատկապէս ծառայողական ոլորտին մէջ աշխատող երիտասարդներուն համար հազարաւոր քթակապեր կարեց, հականեխել տուաւ ...