Ո՞վ ուզեց Վրաստանի մէջ ռուսական կազի խողովակաշարը պայթեցնել եւ ինչո՞ւ
Սեպտեմբեր 07, 2016Արշալոյս Մկտեսեան «Եուրէյժա տէյլի» կայքին վրայ կը գրէ‚ որ Վրաստանի հողերուն վրայ քրէական խմբակի մը կողմէ ռուսական կազի խողովակաշարը պայթեցնելու ձախող փորձը այդ հատուածի խոցելիութեան վերաբերեալ լուրջ մտահոգութիւն յառաջացուցած է։ Այդ դէպքը հայերուն յիշեցուցած է 1990-ական թուականներուն Արցախի պատերազմի ընթացքին ...