Ժողովրդավարութիւնը եւ մանդատները վերցնելու թէ վար դնելու (ընդդիմութեան) տիլեման
Յունիս 09, 2026Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Անկախութենէն ի վեր, Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութիւնը գրեթէ նոյնացաւ իշխանութեան վրայ գտնուող, այսինքն՝ պետական մեքենային վրայ ամբողջական վերահսկողութիւն հաստատած եւ, հետեւաբար, վարչական լծակներու անկաշկանդ շահագործման կարողութիւն ունեցող քաղաքական ուժի վերարտադրման օրինականացումը արձանագրող ընտրական գործընթացին հետ: Փաստօրէն, միայն երկու առիթով ...