Օնթարիոյի Մարքամ քաղաքին մէջ տեղադրուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու փրկարար Սառա Գորնինկի յուշարձանը
Յուլիս 15, 2024Յուլիս 13-ին, Օնթարիոյի Մարքամ քաղաքի «Յուսոյ անտառ» պուրակին մէջ կայացաւ Հայոյց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած որբերու փրկարար գանատացի բուժքոյր Սառա Գորնինկի յուշարձանի բացման արարողութիւնը։ Սառա Գորնինկ ծնած է Գանատայի Նովա Սքոշիա նահանգի Եարմութ քաղաքին մէջ։ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Ամերիկայի Կարմիր Խաչի բուժքոյր եղած է։ ...