Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Յունիս 09, 20237 Յունիս 2023-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին հայրապետական թափօրը, եկեղեցականաց, սարկաւագաց եւ դպրաց դասին, ինչպէս նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ. Թորոնթոյի մասնաճիւղի շեփորախումբին ու սկաուտներու եւ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան առաջնորդութեամբ հասաւ եկեղեցւոյ մուտքը։ «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Գահակալ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ ...