Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդարանի կազմակերպած «Երիտասարդական Համախմբում»ին մասնակցեցան 100 երիտասարդներ
Յունիս 12, 2017Հովանաւորութեամբ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ կազմակերպութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդին, Յունիս 10-ին Քինկսթընի IAWAH բանակավայրին մէջ սկիզբ առաւ «Երիտասարդական Համախմբում» - Սեմինարը։ Գանատայի զանազան շրջաններէն մօտաւորապէս 100 երիտասարդներ մասնակցեցան այս Համախմբումին։ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս դիմաւորեց համախմբումի մասնակիցները։ ...