Մեծ Եղեռնի 103-ամեակի Ոգեկոչումը Գէմպրիճի մէջ
Ապրիլ 23, 2018Կիրակի 22 Ապրիլին եղեռնի ոգեկոչման պաշտօնական հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Գէմպրիճի Հայ կեդրոնի սրահէն ներս շուրջ 200 անձերու ներկայութեամբ։ ՀՄԸՄ-ի սկաուտներու առաջնորդութեամբ հիւրերը մուտք գործեցին սրահ, ուր ՀՕՄ-ի շաբաթօրեայ դպրոցի աշակերտները Գանատայի եւ Հայաստանի քայլերգներով բացումը կատարեցին ձեռնարկին։ Օրուան հանդիսավար Լեւոն Սարմազեան կատարեց ...