Բացում՝ Ազգային առաջնորդարանի «Երուանդ եւ Անի պասմաճեան» վերանորոգուած դահլիճին
Մայիս 06, 2019Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի մեծ ընտանիքը, Ուրբաթ, 3 Մայիս 2019-ի երեկոյեան, Ազգային Առաջնորդարանի յարկին տակ ունեցաւ բերկրալի հանդիսութիւն մը, որ գործնական արտայայտութիւնն էր ազգանուէր բարերարներու Առաջնորդարանիս առաքելութեան տածած զօրակցութեան ու հոգատարութեան: Արդարեւ, ամիսներ առաջ, Ազգային Առաջնորդարանի ներքնայարկը հիմնովին վերանորոգուեցաւ՝ յարմարեցուելով ...