Նախարարուհի Մելանի Ժոլիի ներկայութեամբ կայացած «Հորիզոն»ի 40-ամեակի նուիրահաւաքէն գոյացաւ 60 հազար տոլար
Սեպտեմբեր 16, 2019Շաբաթ, 14 Սեպտեմբեր 2019-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հորիզոնի հիմնադրութեան 40-ամեակի պաշտօնական հանդիսութիւն-ճաշկերոյթը, ներկայութեամբ Դաշնակցային երեսփոխան Ֆայսալ Խուրիի, Գանատայի Զբօսաշրջութեան, լեզուի եւ ֆրանսախօսութեան նախարարուհի Մելանի Ժոլիի, Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Բաբգէն Սրբ. Արք. Չարեանի, Արժ. ...