Օթթաուայի մէջ հիմնուեցաւ «Գանատայի Խորհրդարանի Արցախի ժողովուրդի բարեկամներ» խմբակցութիւնը
Մարտ 20, 2019ՕԹԹԱՈՒԱ - Երեքշաբթի, 19 Մարտ, 2019-ին, Գանատայի մայրաքաղաք Օթթաուայի մէջ տեղի ունեցաւ Գանատայի խորհրդարանէն ներս «Գանատայի Խորհրդարանի Արցախի ժողովուրդի բարեկամներ» խմբակցութեան հիմնադիր ժողովը, որուն ներկայ գտնուեցան շարք մը երեսփոխաններ, պաշտօնատարներ եւ ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչները: Ժողովը, որ տեղի ունեցաւ Պահպանողական ...