Գանատայի Կանաչ կուսակցութիւնը կառավարութենէն կը պահանջէ արգիլել զինուորական սարքերու վաճառքը Թուրքիոյ
Նոյեմբեր 07, 2020Գանատայի խորհրդարանի Նոյեմբեր 7-ի նիստին, Կանաչ կուսակցութեան խորհրդարանի անդամ Էլիզապէթ Մէյ արծարծեց Արցախի հակամարտութեան հարցը։ Ան իր ելոյթի սկզբնաւորութեան յայտնեց, որ շարունակուող պատերազմը Արցախի ժողովուրդին համար զանգուածային սպանութիւններու եւ բռնի տեղահանութեան սպառնալիք է։ Կանաչ կուսակցութեան ներկայացուցիչը խորհրդարանական նիստին նաեւ վերյիշեցուց, որ ...