«Արցա՛խ, Մեր Տուն». Գանատայի Հայոց Թեմի Մարդասիրական Ծրագիր
Մարտ 04, 2024Օրհնութեամբ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմին, Փետրուար 12-18, Հայաստանի վեց շրջաններու մէջ իրականացուեցաւ «Արցա՛խ, Մեր Տուն» մարդասիրական օժանդակութիւն՝ Արցախէն բռնի տեղահանուած եւ Հայաստան բնակութիւն հաստատած հայորդիներուն համար։ Առ այդ, յատուկ առաքելութեամբ, Գանատայէն Հայաստան ժամանեցին Թեմիս Կրօնական Ժողովի ...