Ազատութեան Հրապարակին Վրայ. Արցախցիները Հաւաքական Վերադարձ Կը Պահանջեն
Մարտ 21, 2024Արցախէն տեղահանուած բազմաթիւ քաղաքացիներ Մարտ 20-ին հաւաքուած էին Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ` իրենց առաջարկներն ու պահանջները ներկայացնելու Հայաստանի կառավարութեան: Գլխաւոր պահանջը հաւաքական վերադարձն է հայրենիք: Անոնք պնդեցին, որ իշխանութիւնը Պաքուի հետ բանակցութիւններուն նաեւ իրենց վերադարձի հարցը բարձրացնէ: Արցախի ժողովուրդի կարիքներու ապահովման ...