Նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանին
Փետրուար 11, 2018Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը փետրուար 10-ին ընդունած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանին: Հանդիպման ընթացքին, որուն մասնակից էր ՀՅԴ Արցախի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը, քննարկուած են Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման եւ ներհայկական գործընթացներուն վերաբերող շարք մը հարցեր: