Բժ. Արի-Նարեկ Մկրտիչեան՝ Մոնթրէալի ՄգԿիլ համալսարանի բժշկութեան բաժանմունքի «Տարուան ուսուցիչը»
Յունուար 07, 2016Մոնթրէալի ՄգԿիլ համալսարանի բժշկութեան բաժանմունքի Ուռուցքաբանութեան (Oncology) բաժնի տարեկան գիտաժողովին՝ 30 նոյեմբերին, ձեռամբ Բաժնի ղեկավարին՝ 2015 տարուան լաւագոյն ուսուցիչի ու դաստիարակի պարգեւը ստացաւ բժ. Արի-Նարեկ Մկրտիչեան։ Սոյն պարգեւի թեկնածուները, գրաւոր բացատրութիւններով, կ՚առաջարկուին վարժանքի մէջ գտնուող նոյն ինքն ուսանող-բժիշկներուն կողմէ, ...