Գանատայի Պաշտպանութեան նախարարը հանդիպում ունեցաւ Հայ Դատի յանձնախումբին հետ
Յունուար 10, 2016Յունուար 10 ֊ի առաւօտեան Գանատայի պաշտպանութեան նախարար Հարժիթ Սաժան այցելեց Վանգուվըրի Հայ կեդրոն, ուր հանդիպում ունեցաւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութեան հետ։ Յանձնախումբի ներկայացուցիչները նախ շնորհաւորեցին Գանատայի Ազատական կուսակցութիւնն ու վարչապետը վերջին ընտրութիւններուն առիթով, որմէ ետք նախարարին փոխանցեցին ...