Ցեղասպանութիւնը Ուրացող Մը՝ ԱՄՆի Բանբեր
Սեպտեմբեր 06, 2013ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացող տխրահռչակ անձնաւորութիւն մը՝ Տակ Ֆրանց, նշանակուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր: «Լոս Անճելըս Թայմզ»ի գործադիր տնօրէն եղած տարիներուն, Ֆրանց մեծ աղմուկ բարձրացուցած էր՝ դէմ դնելով Հայկական Ցեղասպանութեան մասին լրագրող Մարք Արաքսի յօդուածի ...