Հալէպի ՀՄԸՄ-ի պարտէզ-մարզարանը հրթիռակոծման պատճառով ծանր վնասներ կրած է
Դեկտեմբեր 21, 2013Դեկտեմբեր 21-ի առաւօտեան, Հալէպի Ազիզիէի շրջանի ՀՄԸՄ-ի պարտէզ-մարզարանի շրջակայ տարածքը ենթարկուած է հրթիռակոծման, որուն պատճառով հրկիզուած են ՀՄԸՄ-ի մարզարանի պասքէթպոլի եւ Թէնիսի գոց դաշտերու առաստաղները։ Ազիզիէի հրշէջ փրկարար ջոկատներու շուտափոյթ միջամտութեան շնորհիւ կարելի եղած է առաջքը առնել տարածուող հրդեհին։ Բարեբախտութիւն ...