Հնչակեան կուսակցութիւնը Իսթանպուլի քաղաքապետէն կը պահանջէ կախաղան հանուած 20 նահատակներու աճիւնները
Յունիս 18, 2015ՍԴ Հնչակեան կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը Հնչակեան 20 կախաղաններու 100-րդ տարելիցի առիթով հետեւեալ պահանջագիրը ուղարկած է Սթամպուլի քաղաքապետին: Պահանջագիրին մէջ կ’ըսուի. «Պարոն քաղաքապետ 1915 թուականի Յունիս 15-ին Պոլսոյ Սուլթան Պայազետ հրապարակին վրայ կախաղան հանուեցան 20 հայ յեղափոխական, որոնք Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան ...