Քոնկրեսականներ Կը Դատապարտեն Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ Ականահարումը
Սեպտեմբեր 24, 2014ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու մասունքները ամփոփող Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց հայկական եկեղեցւոյ ականահարումը՝ իսլամ ծայրայեղականներու «Իսլամական պետութիւն» կոչուող կազմակերպութեան կողմէ, խստօրէն դատապարտած են քոնկրեսականներ Ֆրենք Փալոն, Ճիմ Քոսթա, Էտըմ ...