Ատրպեճանական Ուժերը Յարձակում Կը Գործեն Տաւուշի Չինարի Գիւղէն Հարաւ-Արեւելք Ճակատին Վրայ

 

1230ericabovian 1230edgar 1230shavarsh

մեր նահատակները

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն», «Երկիր».¬ 29 Դեկտեմբերի կանուխ առաւօտեան Հայաստանի Տաւուշի մարզի Չինարի գիւղէն դէպի հարաւ-արեւելք գտնուող պետական սահմանի հատուածին մէջ« ատրպէյճանական զօրքերը ձեռնարկած են հետախուզական-ներթափանցման փորձի, որուն հակազդած է հայկական կողմը՝ նահանջի մատնելով ատրպէյճանական յարձակող խումբը։

Այս մասին առաջին տեղեկութիւնները հրապարակած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան, որ գրած է. «Հայաստանի Զինուած ուժերը մարտի են բռնուել հակառակորդի հետ: Կիրառւում է դիպուկահարների եւ նռնականետերի կրակ« որը շարունակւում է: Հայաստանի Զինուած ուժերը լիովին վերահսկում են իրավիճակը՝ կանխելով հակառակորդի ոտնձգութիւնները»։

Աւելի ուշ Արծրուն Յովհաննիսեան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է հակառակորդին կրած կորուստներուն մասին՝ դիտել տալով, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ իրավիճակը հանդարտած է: Հակառակորդի շարքերուն մէջ կան մինչեւ 7 մահացած զինուորներ եւ վիրաւորներ։ Ըստ անոր՝ Հայաստանի զինուած ուժերը կը կատարեն որոնողական ու տարածքի մաքրութեան աշխատանքներ, ատրպէյճանցի մեռեալներուն թիւը տակաւին յստակ չէ, սակայն անոնցմէ մէկուն դիակը մնացած է հայկական կողմը։ Ա. Յովհաննիսեան նաեւ դիտել տուած է, որ հայկական կողմը եւս ունեցած է կորուստներ։ Արդարեւ, պետական սահմանի պաշտպանութեան համար մղուած մարտերուն ընթացքին զոհուած են աւագ հրամանատար Շաւարշ Մելիքսէթի Մելիքեանը« շարքայիններ Էդգար Գրիգորի Նարայեանը եւ Էրիկ Գարիկի Աբովեանը:

»Երկիր«ի ունեցած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ Շաւարշ Մելիքսէթի Մելիքեանը Հայաստանի Շիրակի մարզի Աշոցք համայնքէն էր, ան 26 տարեկան էր« 4 տարի է« որ անցած է պայմանագրային ծառայութեան: Ամուսնացած չէր, ընտանիքին միակ արու զաւակն էր։ Աւելի քան մէկ տարիէ ի վեր պայմանագրային դրութեամբ ան կը ծառայէր Բերդի մէջ: Նահատակ զինուորը ուսանած է Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական հիմնարկին մէջ« ծառայած է Հայաստանի տարբեր զօրամասերու մէջ« նաեւ՝ Գորիսի մէջ տեղակայուած զօրամասին մէջ եղած է դասակի հրամանատար: Մելիքեանի հրամանատարութեան տակ ծառայած զինուորները պատմած են« որ ան հիանալի սպայ էր« շատ լաւ կը տիրապետէր ռազմական գործին« ընկերասէր էր« զինուորներուն նուիրուած, անոնց կողմէ սիրուած ու յարգուած։

Էդգար Գրիգորի Նարայեան Երեւանէն է« աւարտած էր Հայաստանի մէջ Եւրոպական քոլեճը« ունի երկու քոյր: Էդգարը 1995 թուականի ծնունդ էր: Ընտանիքը միջին կարողութիւններու տէր է:

Մինչ այդ Ատրպէյճան, ինչպէս միշտ, դիմեց իրականութիւնը խեղաթիւրելու փորձի։ Իբրեւ պատասխան՝ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը՝ յայտարարելով, որ 29 Դեկտեմբերի առաւօտեան ձեռնարկած սադրանքէն ետք, ատրպէյճանական կողմը ժամեր շարունակ լռութիւն պահելէ ետք« հանդէս եկած է պաշտօնական յայտարարութեամբ« »որում« իրեն բնորոշ անհեթեթ ոճով փորձում է տեղի ունեցածի պատասխանատուութիւնը դնել հայկական կողմի վրայ«:

Նախարարութիւնը հաստատած է, որ Հայաստանի զինուած ուժերու տրամադրութեան տակ առկայ են անհերքելի ապացոյցներ այն մասին, որ ատրպէյճանական կողմը նախայարձակ եղած է: »Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը պաշտօնապէս յայտարարել է« որ ադրբեջանական կողմը սադրանքի ընթացքում կորուստներ է տուել: Հայաստանի զինծառայողները սպաննուել են իրենց ծառայութեան վայրում: Այս ֆոնին զաւեշտի են վերածւում պնդումները՝ հայկական կողմի հետախուզական խմբի գործողութիւնների եւ ադրբեջանական զինուորականի անհետ կորելու մասին«, նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը վերահաստատած է իր դիրքորոշումը՝ միջազգային հետաքննութեան մեքանիզմներու ներդրման անհրաժեշտութեան վերաբերեալ, որպէսզի կարելի ըլլայ նման սադրանքները կանխել եւ զինադադարի՝ միջազգայնօրէն ստանձնած պարտաւորութիւններու անշեղ կատարման վերահսկելիութիւնը ապահովել։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.