Թրամփ պիտի զօրակցի՞ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ թրքական զինուորական ոտնձգութեան փորձերուն

 

al-monitor.com կը գրէ, որ թուրք ղեկավարները լաւատես են, հիմնուելով ապագայ ազգային ապահովութեան խորհրդատու զօր. Մայքըլ Ֆլինի գրութեան՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան օրը «Տը Հիլ» պարբերաթերթին կողմէ հրատարակուած, թէ Թրամփի վարչակազմը ամերիկեան «արտաքին քաղաքականութիւնը պիտի ճշդէ Թուրքիան ճանչնալով իբրեւ առաջնահերթութիւն… եւ աշխարհը տեսնէ Թուրքիոյ տեսանկիւնէն»։

Մեթին Կիւրճան կը գրէ. «Անգարայի մէջ բազմաթիւ ականաւոր դէմքեր կը հաւատան, որ Թրամփի փոխանցման խումբը պիտի հասկնայ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը եւ աջակցի Անգարայի պայքարին հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ընդդէմ ՔԱԿ-ի եւ Իրաքի շիիներուն։ Դժուար չէ կռահել, որ Անգարա մինչեւ 20 Յունուար՝ Թրամփի պաշտօնակալութիւնը, պիտի փորձէ լաւ յարաբերութիւններ մշակել եւ գործակցութիւնը զարգացնել վերջինիս խումբին հետ։ Էրտողանի Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան խումբերը արդէն Նիւ Եորքի եւ Ուաշինկթընի մէջ դիւանագիտական ջանքերով զբաղած են»։

Կիւրճան կը բացատրէ, թէ Սուրիոյ մէջ Անգարայի «գլխաւոր նպատակը Քոպանի եւ Ժազիրա գաւառներուն վրայ Ժողովրդավարական Միութիւն կուսակցութեան (ԺՄԿ) վերահսկողութեան վերջ տալն է… եթէ Անգարա չի կրնար իր զինուորական ամբողջական ներկայութիւնը պարտադրել Եփրատի արեւելեան ափին վրայ, պիտի բաւարարուի Պապը ՏԱՀԵՇ-էն եւ Մընպեժը ԺՄԿ-էն ձերբազատելով՝ այդպիսով Ժարապլուսը, Մընպեժը եւ Ռային ներառող քառանկիւն ապահովական գօտի ստեղծելով»։

Կիւրճան կը գրէ, որ Իրաքի մէջ Թուրքիոյ նպատակներն են «Մուսուլի գործողութեան մաս կազմել եւ վերջ տալ Իրաքի եւ Սուրիոյ միջեւ կամուրջ հանդիսացող Սինճարի մէջ ՔԱԿ-ի ներկայութեան։ Այդ մէկը նաեւ պիտի նշանակէ Քանտիլ լեռներէն դէպի հիւսիսային Սուրիա ՔԱԿ-ի միջանցքը անջատել։ Անգարա կը հաւատայ, որ կենսական է շիիական միջանցքները անջտելը, որոնցմէ մէկը հիւսիս արեւմտեան Իրաքի եւ Սուրիոյ միջեւ է, իսկ միւսը՝ Սուրիայէն Լիբանան։ Այլ խօսքով՝ Անգարայի համար յոռեգոյն տարբերակը հարաւի մէջ Իրանէն Լիբանան երկարող միջանցքով մը եւ հիւսիսի մէջ Քանտիլէն Աֆրին ՔԱԿ-ի միջանցքով մը պաշարուիլն է»։

Ֆեհիմ Թաշթեքին կը գրէ. «Անգարա ներկայիս կը պնդէ, թէ ՔԱԿ-ը Սինճարը վերածած է կեդրոնատեղիի, յայտարարելով. «Սինճար նոր Քանտիլի վերածուելու ընթացքի մէջ է։ Այդ մէկը չենք կրնար արտօնել»: Այսպիսով Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան Թուրքիոյ դիրքորոշումը յստակացուց»։

Թաշթեքին կը բացատրէ, որ Սինճար միջքրտական քաղաքականութեան մէջ բարդ դերակատարութիւն ունեցած է. «2003-ին շրջանին Միացեալ Նահանգներու կողմէ գրաւումէն ետք, Քիւրտիստանի շրջանային կառավարութիւնը փորձեց Փեշմերկայ ուժերուն թիւը մեծցնելով Սինճարը կցել Քիւրտիստանի, իսկ ՔԱԿ-ը իր ազդեցութեան ոլորտը ընդլայնելու ջանքերը աճեցուց։ Շուրջ 8,000 փեշմերկաներ 2014-ին շրջանէն հեռացան՝ առանց դիմադրելու ՏԱՀԵՇ-ին, սակայն ՔԱԿ-ի զինեալ թեւը՝ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերը, սկսան կռուիլ՝ բանալու համար Սինճար լեռներէն սկսող միջանցք մը, իսկ Ռոխովայի Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները սկսան նոյնը ընել սուրիական կողմէն։ Այս քայլերը բարձրացուցին եզիտիներու մօտ ՔԱԿ-ի ժողովրդակնութիւնը, իսկ Մասուտ Պարզանիի ղեկավարութեամբ Քիւրտիստանի շրջանային կառավարութեան եւ Քիւրտիստանի Ժողովրդավարական կուսակցութեան առնչակից փեշմերկաները ծանր հարուածներ ստացան, երբ ամբաստանուեցան եզիտիները ոճրագործ ՏԱՀԵՇ-ին դէմ առանձին ձգելու յանցանքով»։

Ան կ’աւելցնէ. «Սինճարի կեդրոնը փեշմերկաներու հետ ազատագրելէ ետք, Սիճարի դիմադրութեան ջոկատներն ու Սինճարի կիներու ջոկատները շարունակեցին գիւղերուն մէջ կռուիլ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ։ Մինչեւ հիմա եզիտիներ մասնակից չեն դարձած Մուսուլի եւ Թել Աֆարի դէմ գործողութիւններուն, յայտնելով որ կը սպասեն Պաղտատի կառավարութեան կոչին։ Բայցեւայնպէս, եզիտի ուժերը իրենք զիրենք լիարժէք մասը կը նկատեն Մուսուլի գործողութեան։ Ի վերջոյ, վարչականօրէն, Սինճարը կապուած է Մուսուլի գաւառապետութեան»։

Թաշթեքին կ’եզրակացնէ. «Թէեւ Սինճարը աշխարհագրականօրէն կրնայ աւազակախմբային գործողութիւններու յարմար չըլլալ, բայց վերջին ժամանակներու խառնակ վիճակին պատճառով ՔԱԿ-ը աւելի տեսանելի եւ ազդու ներկայութիւն դարձած է իրանեան սահմանին վրայ գտնուող Հանեքինէն մինչեւ կեդրոնական Իրաքի Մուսուլն ու Քիրքուքը։ Եթէ զայն դիտէք Իրաքէն, Թուրքիոյ համար բնաւ դիւրին չի թուիր այսպիսի ճկուն ու աշխոյժ հոլովոյթ մը շրջելը՝ պարզապէս Սիլոփի սահմանին վրայ հրասայլեր կուտակելով»։

Թուրքիոյ շահերուն համար կենսական է նաեւ Մուսուլի արեւմուտքը գտնուող ռազմավարական Թել Աֆար քաղաքը, ուր իրանեան աջակցութիւն վայելող իրաքեան կիսազինուորական ջոկատները՝ Ժողովրդային զօրախումբերը, քաղաքը ՏԱՀԵՇ-էն խլելու եզրին կը գտնուին»։

Մուսթաֆա Սաատուն կը հաղորդէ, որ Պատր կազմակերպութեան ղեկավար Հատի ալ-Ամիրի մերժեց թրքական որեւէ միջամտութիւն, երբ ըսաւ. «Թել Աֆարը թուրք զինուորներու գերեզմանը պիտի դառնայ, եթէ Թուրքիա փորձէ ճակատամարտին մասնակից դառնալ»։ Թել Աֆարի վերահսկողութիւնը առանցքային է Թուրքիոյ եւ Իրանի համար, ինչպէս նաեւ Իրաքի եւ Իրաքեան Քիւրտիստանի կառավարութիւններուն համար։ Սաատուն կը բացատրէ. «Թուրքիա չ’ուզեր Իրանի ազդեցութիւն ունենալը Թել Աֆարի մէջ, որ սահմանակից է Սուրիոյ։ Այդ մէկը Իրանի համար պիտի դիւրացնէ զէնք փոխանցելը ցամաքային ճամբով, զոր Իրան կը փորձէ հաստատել Իրաքի արեւելքէն դէպի արեւմուտք։ Ասիկա նաեւ կը նկատուի Թել Աֆարի շուրջ վէճի պատճառներէն մէկը։ Էրտողան կը վախնայ Թել Աֆարի, որ թրքական սահմանէն 60 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ է, Իրանի մօտիկ եղող շիի խմբաւորումներու ապաստանի մը վերածուելէն։ Թուրքիոյ նախագահը նաեւ մտահոգ է Թուրքիոյ դէմ յարձակումներ իրագործելու համար Ժողովրդային զօրախումբին եւ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան միջեւ դաշինք մը կնքուելու հաւանականութեամբ, կամ Ժողովրդային զօրախումբին կողմէ թրքական բանակին դէմ կռուող ՔԱԿ-ի զէնքերու փոխանցումի հարցով»։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.