Հալէպ Պատմական Օրեր Կ՛ապրի

 

Սուրիոյ տնտեսական մայրաքաղաք Հալէպը վերջին չորս տարիներուն պատերազմի դառնագոյն հետեւանքները կրեց:

Զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն Հալէպ թափանցումով քաղաքի բոլոր շրջանները ենթարկուեցան անխնայ հրթիռակոծումներու:

Ահաբեկիչներ մարդասպանութիւնն ու քանդումը իբրեւ միջոց օգտագործելով` ո՛չ մարդոց կեանքին խնայեցին, ո՛չ անոնց բնակարաններուն, ո՛չ դպրոցներուն, ո՛չ հիւանդանոցներուն եւ ո՛չ ալ քաղաքացիներուն ապրուստի հիմնական ազդակներուն` աշխատավայրերուն ու արհեստանոցներուն: Նպատակը մէկ էր` ամայացնել Սուրիոյ տնտեսական մայրաքաղաքը, տարտղնել ու տարհանել անոր բնակչութիւնը, քանդել համակեցութեան եւ գործակցութեան տիրող դրական մթնոլորտը եւ, ինչու չէ, յագուրդ տալ դրացի երկրի ախորժակներուն ու Հալէպը վերածել թրքական նահանգի: Այլ կերպ կարելի չէր բացատրել Հալէպի կարգ մը գրաւուած շրջաններու մէջ թրքական լիրայի օգտագործման պարտադրումը, թրքական  հաղորդակցական միջոցներու օգտագործումը եւ Թուրքիոյ սահմանէն զինեալներու, զէնք ու զինամթերքի շարունակուող հոսքը:

Ու հակառակ այս բոլորին, Հալէպը մնաց Սուրիոյ ու սուրիացիին, եւ ո՛չ թէ օտարին համար ապրող ու շնչող քաղաք:

Բացուող իւրաքանչիւր արշալոյսի հետ  հալէպցին վերանորոգեց իր յոյսը ու բազում տառապանքներ կրելով հանդերձ` քաղաքին ճակատագիրը չկապեց օտարին:

Հալէպաբնակ ժողովուրդին հայրենասիրութիւնն ու սուրիական բանակին վճռակամութիւնը հանդիսացան Հալէպի ազատագրական մարտին գլխաւոր ազդակները:

Վերջին շաբաթներուն, Հալէպի զինեալներուն ուղղուած սուրիական բանակին շարունակուող կոչերը կը նպատակադրէին խնայել արիւնահեղութիւնը, թափ տալ հաշտութեան գործընթացին` նուազագոյն վնասներով ազատագրելու Հալէպը եւ վերջ տալու փոխադարձ կրակոցներուն:

Զինեալներու մէկ մասը անսաց կոչին, սակայն անոնցմէ շատեր մերժեցին հարցերու խաղաղ լուծման ուղին` մերթ իբրեւ վահան օգտագործելով իրենց գրաւած շրջաններուն մէջ ապրող բնակչութիւնը, մերթ հրթիռակոծելով սուրիական բանակի վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններու խաղաղ բնակչութիւնը:

Ո՞վ օգտուեցաւ սակայն այս դաժան պատերազմէն® Պարզապէս Սուրիան տկարացնել փորձող այն երկիրները, որոնք այնքան ալ հաշտ աչքով չէին դիտեր երկրին մէջ նախապատերազմեան տարիներուն արձանագրուող յառաջընթացը եւ պատրաստ էին ամէն  գնով զայն կասեցնելու եւ երկրին բնական հարստութիւններէն առաւելագոյնս օգտուելու:

Հալէպի աղէտին ազդեցութիւնը կրեց նաեւ հալէպահայութիւնը` ունենալով մարդկային, նիւթական եւ կալուածային բազում կորուստներ, նահատակներ, տարտղնուելով, բայց նաեւ դիմադրելով ու տոկալով:

Այցելեցէ՛ք Հալէպի նահատակներու շիրիմները եւ այնտեղ պիտի կարդաք բազում հայ հերոսներու անուններ: Հերոսներ, որոնք հաւատացին Սուրիոյ ու մանաւանդ Հալէպի յաղթանակին: Հերոսներ, որոնք սուրիահայ գաղութի ինքնապաշտպանութեան նուիրեցին իրենց գարուն կեանքը:

Անոնք կը սպասէին յաղթանակի այս պահուն, բայց չտեսան գէթ Հալէպի մասնակի ազատագրումը: Չհամտեսեցին իրենց պայքարին պտուղը: Չտեսան Նոր Գիւղի վերականգնած խաղաղութիւնը:

Նոր Գիւղը այսօր ազատ կը շնչէ® Նոր Գիւղը կը գոյատեւէ շնորհիւ մեր հերոսներուն ու պիտի  ծաղկի յանուն մեր նահատակներու անժամանցելի պատգամներուն:

Անոնք նահատակուեցան յանուն սուրիահայութեան, որովհետեւ զայն անփոխարինելի արժէք նկատեցին, իսկ անոր ինքնուրոյն դիմագիծին պահպանումը` համահայկական մարտահրաւէր:

«Գանձասար»-ի Խմբագրական

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.