Սուրիական Բանակը Կը Վերահսկէ Հալէպի Արեւելեալ Շրջանի Գրեթէ Կէս Տարածքը

 

1130aleppo

Անցնող երկու օրերու ընթացքին, սուրիական բանակը ժողովրդային ինքնապաշտանական խումբերու օժանդակութեամբ գրաւեց Հալէպի արեւելեան հատուածի շարք մը շրջաններ, այսպիսով իր ամբողջական վերահսկողութեան տակ առնելով Հալէպի արեւելեան շրջանի 45 Քլմ.² գրաւուած տարածքէն 20 Քլմ.²-ը։

Երկուշաբթի  առաւօտեան սուրիական բանակը գրաւեց Սուլէյմէն Հալապիի մէջ գտնուող ջուրի ընկերութիւնը եւ բանեցնել սկսաւ քաղաքի կեդրոնական ջրամուղները։

Վերոյիշեալ յառաջընթացի լոյսին տակ Նոր Գիւղի շրջանը յատկապէս, չորս տարուայ տառապանքէն ետք, խաղաղութեամբ դիմաւորեց լուսաբացը։ Պոսթան Փաշայի առասպելը վերջ գտաւ։ Այնտեղ տեղակայուած զինեալ խմբաւորումներ 4 տարի շարունակ օրական դրութեամբ կազի պայթուցիկ տակառներով ու բազմատեսակ հրթիռներով հրթկռակոծեցին Նոր Գիւղը։

Հալէպի արեւելեան կարգ մը շրջաններուն մէջ՝ Հին Հալէպ Աղիոր, Շաար, Պապ ալ Նասըր մարտերը կը շարունակուին։

Սուրիական բանակը Երեխշաբթի օր շարունակեց իր յառաջխաղացքը Հալէպի արեւելեան թաղամասերուն մէջ։ Տեղական աղբիւրներու համաձայն բանակը կը յառաջանայ դէպի Պոսթան Քասըր, Պապ ալ Հատիտ, Շաար, ալ Զահրաա թաղամասերը։

Պոսթան Քասըրի մէջ զինեալներ վար առած ու այրած են իրենց զէնքերը՝ հազարաւոր քաղաքացիներու հետ դուրս ելլելու մարդասիրական անցքերուն միջոցով։

Նշենք, որ սուրիական բանակը երէկ իր ամբողջական հակակշռին տակ առած էր նաեւ գիտահետազօտական կեդրոնի բնակարանային համալիրը։

Հալէպը հակակառավարաքան զինեալ խումբերէն ազատագրելու մարտերը կը շարունակուին։

Ռուսական Պաշտպանութեան Նախարարութեան համաձայն սուրիական բանակը առ այժմ ազատագրած է արեւելեան Հալէպի գրաւուած տարածքներուն յիսուն առ հարիւրը։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.