96 տարի առաջ, այսօր, Ար­ցախ ապս­տամ­բե­ցաւ ա­զե­րիա­կան բռնագ­րաւ­ման սպառ­նա­լի­քին դէմ

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Մարտ 22ը հա­յոց յու­շա­տետ­րին մէջ կը բա­նայ ու­սա­նե­լի է­ջը ա­զե­րիա­կան բռնագ­րաւ­ման, ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թեան եւ հա­յա­թա­փու­մի լու­ծին դէմ Ար­ցա­խի հա­յու­թեան պատ­մա­կան ա­ռա­ջին ապս­տամ­բու­թեան։
1920 թո­ւա­կա­նի ­Մարտ 22ին, Ար­ցա­խի լեռ­նա­յին թէ դաշ­տա­յին բո­լոր շրջան­նե­րուն մէջ, հա­յու­թիւ­նը ընդ­հա­նուր ապս­տամ­բու­թեան ձեռ­նար­կեց մու­սա­ւա­թա­կան Ատր­պէյ­ճա­նի ձեռ­նար­կած բռնագ­րաւ­ման ու տի­րա­պե­տա­կան յար­ձա­կո­ղա­կա­նին դէմ։
1905ին եւ 1918ին ալ, Ար­ցա­խի տա­րած­քին, ա­րիւ­նա­լի ընդ­հա­րում­ներ ար­ձա­նագ­րո­ւած էին հա­յե­րու եւ ա­զե­րի թա­թար­նե­րու մի­ջեւ։ Եր­կու պա­րա­գա­նե­րուն ալ, ռու­սա­կան եւ թրքա­կան ծա­ւա­լա­պաշ­տա­կան ա­խոր­ժակ­նե­րը գրգռիչ դեր խա­ղա­ցած էին՝ Անդրկով­կա­սի մէջ հա­յեւ­թա­թար կե­նակ­ցու­թիւ­նը ազ­գա­մի­ջեան հա­կադ­րու­թեան, թշնա­ման­քի ու ա­րիւ­նա­հե­ղու­թեան ան­դուն­դը գլո­րե­լու ա­ռու­մով, տա­րա­ծաշր­ջա­նը բաժ­նե­լու եւ տի­րե­լու՝ մե­ծա­պե­տա­կան հա­կակշ­ռի տակ պա­հե­լու նպա­տա­կով։
­Բայց 22 ­Մարտ 1920ի Ար­ցա­խի հա­յոց ընդ­հա­նուր ապս­տամ­բու­թիւ­նը ե­կաւ նոր էջ բա­նա­լու ազ­գա­մի­ջեան ընդ­հա­րում­նե­րու ա­րիւ­նա­լի այդ պատ­մու­թեան մէջ։
Ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով Ատր­պէյ­ճան ա­նու­նով հիմ­նո­ւած թա­թար­նե­րու մու­սա­ւա­թա­կան պե­տու­թեան դէմ Ար­ցա­խի հա­յու­թիւ­նը զի­նեալ ապս­տամ­բու­թեան դի­մեց՝ ա­զե­րիա­կան լու­ծը թօ­թա­փե­լու եւ ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան միա­նա­լու ո­րո­շու­մով ու հաս­տա­տա­կա­մու­թեամբ։
Այդ­պէս օ­դէն ին­կած ա­նակն­կալ ո­րո­շում մը չէր Ար­ցա­խի հա­յոց ապս­տամ­բու­թիւ­նը։ Այս­պէս կո­չո­ւած Ատրպէյ­ճա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան 1918ի «ստեղծ­ման» օ­րե­րէն իսկ, մու­սա­ւա­թա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն յա­ռաջ մղե­ցին հա­յա­պատ­կան այս երկ­րա­մա­սի տա­րած­քին հա­յոց տի­րա­կան ներ­կա­յու­թեան ազ­գագ­րա­կան քար­տէ­սը փո­խե­լու, հա­յե­րը կո­տո­րե­լով եւ հե­ռաց­նե­լով՝ հայ­կա­կան տա­րածք­նե­րը յափշ­տա­կե­լու եւ իւ­րաց­նե­լու «ազ­գա­յին մաք­րազ­տու­մի» ի­րենց քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։
Ա­զե­րի թա­թար­նե­րու հա­յա­տեա­ցու­թիւ­նը հրահ­րե­լով եւ խու­ժան ամ­բո­խի մի­ջո­ցաւ հայ բնակ­չու­թիւ­նը խժդժու­թեանց են­թար­կե­լով՝ մու­սա­ւա­թա­կան­նե­րը քայլ առ քայլ յա­ռաջ մղե­ցին այդ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։ ­Հա­յե­րու դէմ պար­բե­րա­կան յար­ձա­կում­նե­րը, սպա­նու­թիւն­նե­րը եւ ա­լան-թա­լա­նը մնա­յուն կեն­սա­կեր­պի վե­րա­ծո­ւե­ցան մու­սա­ւա­թա­կան Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ։ Եւ որ­քան մօ­տե­ցաւ խորհր­դա­յին իշ­խա­նու­թեանց Անդր­կով­կա­սին «վե­րա­տի­րա­նա­լու» պա­հը, այն­քան կա­տա­ղի դար­ձան մու­սա­ւա­թա­կան­նե­րը՝ հա­կա­հայ ի­րենց «մաք­րազ­տու­մի» քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ։
Ա­հա՛ այդ մթնո­լոր­տին մէջ, 19 ­Փետ­րո­ւար 1920ին, Ատր­պէյ­ճա­նի մու­սա­ւա­թա­կան ղե­կա­վար ­Սուլ­թա­նո­վը վերջ­նա­գիր ներ­կա­յա­ցուց Ար­ցա­խի ­Հա­յոց Ազ­գա­յին ­Խոր­հուր­դին՝ «շտապօ­րէն վերջ­նա­կան լու­ծում տա­լու Ար­ցա­խը Ատր­պէյ­ճա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ան­բա­ժա­նե­լի մա­սը ըն­դու­նե­լու հար­ցին»։
Ար­ցա­խի ­Հա­յոց Ազ­գա­յին ­Խոր­հուր­դը, 23 ­Փետ­րո­ւա­րէն մին­չեւ ­Մար­տի 4ը, գու­մա­րեց իր 8րդ ­Հա­մա­գու­մա­րը եւ ո­րո­շեց մեր­ժել ­Սուլ­թա­նո­վի վերջ­նա­գի­րը։ Ա­ւե­լի՛ն. ­Հա­մա­գու­մա­րի պաշ­տօ­նա­կան պա­տաս­խա­նը դա­տա­պար­տեց մու­սա­ւա­թա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը, որ ա­ռանց Ար­ցա­խի հա­յու­թեան Ազ­գա­յին ­Խոր­հուր­դի հա­ւա­նու­թեան ա­զե­րի զօր­քեր մտցու­ցած էին հայ­կա­կան տա­րածք­ներ եւ ­Փետ­րո­ւար 22ին լայ­նա­ծա­ւալ խժդժու­թեանց՝ կո­տո­րած­նե­րու եւ հրկիզ­ման են­թար­կած էին ան­զէն հա­յերն ու ա­նոնց բնա­կա­վայ­րե­րը ­Խան­քեն­տի եւ Աս­կե­րա­նի շրջան­նե­րուն մէջ, ինչ­պէս եւ ­Շու­շի-Էվ­լախ ճա­նա­պար­հին։
­Մինչ ­Սուլ­թա­նո­վի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կա­տա­ղօ­րէն հա­կազ­դեց ­Հա­մա­գու­մա­րի մեր­ժո­ղա­կան պա­տաս­խա­նին եւ ան­մի­ջա­պէս պա­հան­ջեց Ազ­գա­յին ­Խոր­հուր­դին լու­ծա­րու­մը՝ իբ­րեւ ի­րա­ւա­կան եւ օ­րի­նա­կան ոչ մէկ հիմք ներ­կա­յաց­նող մարմ­նի, Ար­ցա­խի հա­յու­թեան կող­մէ ընտ­րո­ւած ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան մար­մի­նը դի­մեց դի­ւա­նա­գի­տա­կան յա­տուկ նա­խա­ձեռ­նու­թեան.- ­Դաշ­նա­կից Ու­ժե­րու դի­ւա­նա­գի­տա­կան լիա­զօր­նե­րուն, Անդր­կով­կա­սի ե­րեք հան­րա­պե­տու­թեանց դի­ւա­նա­գի­տա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն եւ Անդր­կով­կա­սի մէջ խորհր­դա­յին իշ­խա­նու­թեանց լիա­զօ­րի ներ­կա­յու­թեան, Ազ­գա­յին ­Խոր­հուր­դը պաշ­տօ­նա­պէս յայ­տա­րա­րեց, որ Ար­ցա­խի հա­յու­թիւ­նը պի­տի պար­տա­ւո­րո­ւի ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան իր օ­րի­նա­կան ի­րա­ւուն­քը զէն­քով հաս­տա­տագ­րե­լու, ե­թէ մու­սա­ւա­թա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը շա­րու­նա­կեն ի­րենց հա­կա­հայ «ազ­գա­յին մաք­րազտում»ի քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։
Այդ­պէ՛ս, ­Սուլ­թա­նո­վի կա­ռա­վա­րու­թեան անդր­դո­ւե­լի կա­մա­կո­րու­թեան հա­կա­դար­ձե­լով՝ 22 ­Մար­տին Ար­ցա­խի հա­յու­թիւ­նը պար­զեց ընդ­հա­նուր ապս­տամ­բու­թեան դրօ­շը։
Ա­զե­րի­նե­րը ան­շուշտ պատ­րաս­տուած էին եւ հա­յոց ապս­տամ­բա­կան ա­ռա­ջին գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը ռազ­մա­դաշ­տի վրայ պար­տու­թեան մատ­նո­ւե­ցան։ ­Հե­տե­ւե­ցան լայ­նա­ծա­ւալ ա­զե­րիա­կան յար­ձա­կում­ներ։ ­Շու­շիի գլխա­ւոր մա­սը կազ­մող հայ­կա­կան թա­ղե­րը քար ու քանդ ե­ղան, հա­զա­րա­ւոր ան­զէն հա­յե­րու ա­րիւն հե­ղե­ցաւ եւ հայ­կա­կան տու­ներն ու խա­նութ­նե­րը կո­ղոպ­տո­ւե­ցան եւ կրա­կի տրո­ւե­ցան… ա­ւե­լի քան հա­զար հա­յեր ­Շու­շիի մէջ ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցան եւ բանտ նե­տո­ւե­ցան։
Սկզբ­նա­կան այդ պար­տու­թե­նէն հե­րո­սա­կան Ար­ցա­խի հա­յու­թիւ­նը ա­րա­գօ­րէն վե­րա­կանգ­նե­ցաւ։ ­Բուռն կռիւ­ներ մղո­ւե­ցան Ար­ցա­խի ամ­բողջ տա­րած­քին եւ, հա­կա­ռակ ա­զե­րիա­կան կա­նո­նա­ւոր զօր­քի թո­ւա­կան ու ռազ­մա­կան գե­րա­զանց ու­ժին, հայ­կա­կան ու­ժե­րը կրցան ետ մղել ­Սուլ­թա­նո­վի բա­նա­կը եւ ա­զե­րի խու­ժա­նը։
­Մին­չեւ Ապ­րի­լի կէ­սե­րը շա­րու­նա­կուե­ցան զի­նեալ ընդ­հա­րում­նե­րը։ ­Զան­գե­զուր գտնո­ւող Դ­րօ իր զօ­րա­մա­սե­րով հա­սաւ Ար­ցա­խի օգ­նու­թեան եւ հա­յոց ապս­տամ­բու­թիւ­նը, գո­նէ ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս, յաղ­թա­նա­կով պսա­կո­ւե­ցաւ։
Իսկ այ­սօր, վե­րան­կա­խա­ցեալ Ար­ցա­խի հա­յու­թեան հետ ողջ հա­յաշ­խար­հը կը տօ­նէ ա­զե­րիա­կան լու­ծին դէմ Ար­ցա­խի հա­յոց պատ­մա­կան ա­ռա­ջին ապս­տամ­բու­թեան տա­րե­դար­ձը։ Ար­ցա­խի եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեանց պե­տա­կան այ­րե­րուն հետ բո­լորս, այ­սօր, կը վե­րա­նո­րո­գենք ազ­գա­յին մեր վճռա­կա­նու­թիւ­նը, որ՝ Ատր­պէյ­ճան ոչ մէկ ի­րա­կան, ի­րա­ւա­կան կամ պատ­մա­կան հիմք ու­նի Ար­ցա­խին վրայ տի­րա­պե­տու­թեան իր լու­ծը պար­տադ­րե­լու, իսկ հայ ժո­ղո­վուր­դը բնաւ պատ­րաստ չէ «սկու­տե­ղի վրայ Ար­ցա­խը հրամց­նե­լու ա­զե­րի­նե­րուն»…

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.