ՀՅ Դաշնակցութիւնը Կը Կազմէ Պահեստային Կամաւորական Գումարտակ
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի Ազատամարտիկներու հարցերու յանձնախումբը 13 Հոկտեմբերին հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձաւ կամաւորականներու պահեստային գումարտակ կազմելու Գերագոյն մարմինի որոշումին։
Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ 2 Ապրիլ 2016ին սկսած լայնածիր մարտական գործողութիւններուն յանպատրաստից կամաւորներու մասնակցութիւնը ծնունդ տուաւ կազմակերպչական եւ պատրաստուածութեան շարք մը հարցերու, զորս անհրաժեշտ է լուծել այս սպառնալից ժամանակաշրջանին։ Այդ իսկ պատճառով, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հետ համադրաբար, ՀՅԴ Գերագոյն մարմինը որոշում տուած է կազմաւորելու կամաւորականներու պահեստային գումարտակ, որուն օգտագործումը կը նախատեսուի միայն լայնածաւալ մարտական գործողութիւններու վերսկսման պարագային:
«Գումարտակին կարող են անդամագրուել 20ից մինչեւ 45 տարեկան, անկախ ծառայութեան տեւողութիւնից պարտադիր զինուորական ծառայութիւն անցած, բացառութեամբ առողջական վիճակի պատճառով զինուորական ծառայութեան համար ոչ պիտանի ճանաչուելու հետեւանքով վաղաժամկէտ զօրացրուած քաղաքացիները, ինչպէս նաեւ պատերազմի կամ մարտական գործողութիւնների մասնակիցները՝ անկախ զինուորական ծառայութիւն անցնելու հանգամանքից: Ռազմական ունակութիւնները կատարելագործելու, վերապատրաստելու եւ ստորաբաժանումների ներդաշնակում իրականացնելու նպատակով՝ կամաւորականները կարող են կանչուել վարժական հաւաքների», նշուած է յայտարարութեան մէջ։