Մայր Աթոռը մէկ միլիոն տոլար փոխանցած է Երուսաղէմի Պատրիարքարանին Քրիստոսի Սուրբ Գերեզմանի նորոգութեան համար

 

Արցախի մէջ աւարտած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովը, որուն օրակարգին վրայ էին եկեղեցւոյ վարչական, կանոնական եւ թեմական կեանքին վերաբերող հարցեր։

Մասնաւորապէս Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդին տեղեկացուցած է որ համաձայն նախորդ ժողովին տրուած որոշումին եւ նկատի ունենալով Տիրոջ Ս. Գերեզմանի նորոգութեան հրատապութիւնը, ընդառաջելով Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Նուրհան  Արք. Մանուկեանի դիմումին, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը իր ընթացիկ պիւտճէէն կատարած է մէկ միլիոն տոլարի փոխանցումը Երուսաղէմի Պատրիարքարանին։

Այս առնչութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ շրջաբերական ուղարկուած է թեմերուն, հանգանակելու ու ամբողջացնելու արդէն յատկացուած գումարը եւ իբրեւ պատասխան, որոշ թեմեր եւ անհատ բարերարներ արդէն փոխանցումներ կատարած են, տուած են խոստումներ։

Ժողովի ընթացքին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը տեղեկութիւններ փոխանցած է 17-27 Օգոստոսին Հնդկաստան կատարած իր այցելութեան վերաբերեալ։ Ան ընդգծած է, որ Հնդկաստանի բոլոր հայկական եկեղեցիները եւ եկեղեցապատկան կալուածները Կալկաթայի Ս. Նազարէթ եկեղեցւոյ վարչութեան բացառիկ խնամատարութեան ներքեւ կը գտնուին։

Արցախի թեմի գործունէութեան մասին զեկուցած է թեմակալ առաջնորդ Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան, որ յայտնած է թէ 1930 թուականին, Պաքուի իշխանութեան ճնշման  պատճառով փակուած պատմական Արցախի թեմը, որ այն ատեն ունէր գործող 18 վանք, 112 եկեղեցի եւ 276 հոգեւորական, վերաբացուած է 1989-ի օրհնութեամբ երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Հայրապետի։ Ցայսօր թեմին մէջ կառուցուած եւ վերանորոգուած է 70 վանք, հրատարակուած է 86 հատ հոգեւոր գրականութիւն։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.