Լաւալի ՀՅԴ «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէութիւնը նշեց իր 25-ամեակը

Կիրակի, 19 Նոյեմբեր 2017-ին, Բաստրմաճեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լաւալի ՀՅԴ «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէութեան 25-ամեակի տօնակատարութիւն, կազմակերպութեամբ «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէութեան:

Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգով բացումը կատարուեցաւ ձեռնարկին, կատարողութեամբ Համազգայինի «Քնար» երգչախումբին, ղեկավարութեամբ տիկին Լոռի Անթունեանին, դաշնակի ընկերակցութեամբ տիկ. Ռիթա Շամլեանին:

Ձեռնարկի բեմավարներ ընկերուհի Մարի Յովհաննէսեան եւ ընկեր Արարատ Թորոսեան բացման խօսքով հանդէս եկան, որոնք ողջունելէ ետք ներկաները, մէջբերեցին Սիմոն Զաւարեանին ուղղուած Սիմոն Վրացեանի նամակէն՝ Գանատայի հասարակական կեանքէն ներս Դաշնակցութեան ունեցած դերակատարութեան մասին:

«Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէութեան կազմաւորման եւ առ այսօր գործունէութեան մասին ընկեր Սերժ Եսայեանի պատրաստած տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք բեմավարները կարդացին «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէութեան ուղերձը այս առթիւ, որուն մէջ կոմիտէութիւնը կը յայտնէր իր պատրաստակամութիւնը շարունակելու նախորդ կոմիտէութիւններուն պատուաբեր երթը, միշտ նեցուկ կանգնելու հայ ազգին՝ հայրենիքի մէջ թէ այլուր:

Անկէ ետք տիկ. Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան ասմունքեց Եդուարդ Պոյաճեանի «Դաշնակցականը», որուն յաջորդեց օրուան պատգամաբեր՝ «Հայրենիք»ի եւ «Ասպարէզ»ի նախկին խմբագիր, հրապարակագիր ընկ. Վաչէ Բրուտեանի բանախօսութիւնը։:

Ընկեր Վաչէ նախ անդրադարձաւ 20-րդ դարու վերջին տասնամեակներուն Դաշնակցութեան մշակած քաղաքական միտքին ու մամլոյ ու կազմակերպական աշխարհին մասին, որուն բառացիօրէն ղեկավարը հանդիսացած էր Սարգիս Զէյթլեան: Ան նշեց. «Համաշխարհային քաղաքական ու գաղափարական այդ օրերու պայքարներու միջավայրին մէջ մեզի համար կը ստեղծուէին 3 անհրաժեշտութիւններ՝ գաղափարական վերանորոգման, հայութեան իրաւունքներու պայքարի նոր ռազմավարութեան, բայց մանաւանդ՝ կազմակերպական ներքին վերանորոգման ու արդիականացման բնագաւառներէն ներս»։ Ան յայտնեց, թէ Զէյթլեան հանդիսացաւ կազմակերպական ուժեղացումին համահայկական տարողութիւն տուող աննահանջ մարտիկը, եւ թէ մենք յամառօրէն կը հետապնդենք մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին շահերը, անզիջող ենք մեր շահերուն նկատմամբ, եւ Սարգիս Զէյթլեան կը մարմնաւորէր դաշնակցականի այս յամառութիւնը։ Բրուտեան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Այս օրերուն, երբ մենք կը շարունակենք մեր քաղաքական վարքագիծը, տեղ-տեղ յառաջխաղացք արձանագրելով, ուրիշ տեղեր խոչընդոտներու հանդիպելով, անկախ մեր ձեռք ձգած արդիւնքներէն, կրնանք հանգիստ խղճով յայտարարել բոլորին, որ մենք կը գտնուինք ճիշդ ուղիին վրայ։ Այն ուղիին, որուն ամենէն պայծառ տեսաբանը հանդիսացաւ Սարգիս Զէյթլեանը։ Թող հանգիստ մնայ իր հոգին, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը կը շարունակէ այդ ուղին»։

Պատգամաբերի խօսքին յաջորդեց մեներգ՝ կատարողութեամբ տիար Սարգիս Պարսեմեանին, որ բացառիկ ապրումով եւ վարակիչ յուզումով մեկնաբանեց «Երգ փառապանծ Դանշակցութեան» եւ «Հայաստան աշխարհ»ը:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հանդէս եկաւ սրտի խօսքով, որուն մէջ ան նոյնպէս անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ Դաշնակցութեան ամբողջ կառոյցին ապրած զարթօնքին եւ որուն մէջ մեծ ներդրում ունեցած էր ընկեր Սարգիս Զէյթլեան: Ան նաեւ անդրադարձաւ Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէութեան կազմաւորման եւ յարակից միութիւններուն աջակցութեանց, ապա եզրափակեց ի խօսքը յայտնելով. «Եկած է պահը, որ մենք ամբողջական նուիրումով եւ զոհողութեամբ ծառայենք ողջ հայութեան՝ ի շահ մեր գերագոյն նպատակներուն, ի շահ մեր յաւերժական հայրենիքին»:

Գանատայի Հայոց Թեմի բարեջան առաջնորդ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան յայտնեց իր օրհնութեան խօսքը, որուն մէջ ան նախ շնորհաւորեց «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէութեան 25-ամեակը եւ կոչ ուղղեց ըսելով. «Կոմիտէութեան 25-ամեակին առիթով իմ կոչն է, որ Սարգիս Զէյթլեաններու շունչով եւ ոգիով շարունակէք ձեր նուիրական առաքելութիւնը՝ յանուն հայրենիքի, յանուն հայութեան վեհ շահերուն եւ յանուն մեր արդար իրաւունքներուն հատուցման»:

Ձեռնարկը աւարտեցաւ «Քնար» երգչախումբին կողմէ «Ես իմ անոյշ Հայաստանի» եւ «Արդեօք ովքե՞ր են» երգերու կատարողութեամբ եւ բեմավարներուն շնորհակալական խօսքերով՝ ուղղուած բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին սոյն ձեռնարկին իրականցման:

Ձեռնարկէն ետք Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի մարզասրահին մէջ հիւրասիրութեան ընթացքին խօսք առին «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Վարուժ Գալուստեան եւ կոմիտէի անդամ Ներսէհ Լիպարեան։ Անոնք յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի յանձնախումբին՝ իրենց տարած անխոնջ աշխատանքին համար։ Ապա տեղի ունեցաւ 25-ամեակի կարկանդակի հատում՝ ձեռամբ «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէութեան կազմաւորման օրերուն ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Վաղարշ Էհրամճեանի եւ կոմիտէի առաջին հերթապահ ընկեր Արտօ Գաբրիէլեանի: Անոնք հանդէս եկան իրենց սրտի խօսքերով, որուն յաջորդեց ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Ռաֆֆի Տօնապետեանի սրտի խօսքը:

Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.