Այց Մուշեղ Իշխանի Ծննդավայրը Այց Մուշեղ Իշխանի Ծննդավայրը

 

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

Մայի­սի 1-ին, առ­տուն կա­նուխ, գրե­թէ հա­լածա­կան, կը հե­ռանանք Պո­լիսէն։ Բա­րեխ­նամ կա­ռավա­րու­թիւնը, իր բո­լոր զօ­րութեամբ իջած է փո­ղոց՝ ար­գի­լելու ոեւէ մէ­կը՝ նշե­լու Աշ­խա­տաւո­րու­թեան տօ­նը, յայտնուելով Թաք­սի­մի հրա­պարա­կին վրայ։ Ոս­տի­կան­նե­րը փա­կած են բո­լոր ճամ­բա­ները, նոյ­նիսկ հե­տիոտն ան­ցորդնե­րուն հա­մար (մեր աննման նա­խագա­հը օրուան ըն­թացքին դեռ յայ­տա­րարէր պի­տի, թէ նման մի­ջոցա­ռումնե­րու կը դի­մեն, որ­պէսզի քա­ղաքա­ցինե­րուն առօ­րեան չխան­գա­րուի։ Ճի՛շդ այսպէս)։

Էս­քի­շեհիր պի­տի եր­թանք։ Վեր­ջին տա­րինե­րուն բա­ւական ժո­ղովրդա­կանու­թիւն վա­յելող քա­ղաք մըն է, որու քա­ղաքա­պետը ամէն աշ­խա­տանք կը տա­նի բնա­կավայ­րը վե­րածե­լու հա­մար գրա­ւիչ կեդ­րո­նի մը։ Գո­նէ Մի­ջին Անա­տոլուի չա­փանիշ­նե­րով։ Հե­ռատե­սիլով կը դի­տենք, կը կար­դանք ու կը լսենք հոս հոն, գա­ցող­ներ միշտ գոհ կը վե­րադառ­նան։ Հե­տեւա­բար, եր­կօ­րեայ ար­ձա­կուրդի մը հա­մար թե­րեւս լա­ւագոյն վայ­րը ըլ­լայ։

Ար­դէն ճամ­բան ենք։ Հան­րա­շար­ժը կը սու­րայ։ Մխի­թարեան վար­ժա­րանի ծնո­ղաց միու­թեան ան­դա­մու­հի­ներն են կազ­մա­կեր­պիչնե­րը. քա­նի մը ծնող­ներ, իրենց զա­ւակ­նե­րով, որոնք աշա­կերտներս են, իրենց բա­րեկամ­նե­րը եւ մար­դիկ, որոնք լսած են եւ մա­նաւանդ ու­զած են հե­ռանալ Պո­լիսէն։

Զիս հե­տաքրքրո­ղը Սիվ­րի­հիսարն է սա­կայն, աւե­լի քան Էս­քի­շեհի­րը։

Այս եր­կու բնա­կավայ­րե­րը թէեւ այ­սօր կը յի­շատա­կուին միաս­նա­բար, սա­կայն Օս­մանեան կայսրու­թեան օրօք եղած են տար­բեր նա­հանգնե­րու մէջ. առա­ջինը՝ Սիվ­րի­հիսար, մաս կազ­մած է Ան­գա­րայի նա­հան­գին, իսկ միւ­սը, Էս­քի­շեհիր՝ Պուրսա­յի նա­հան­գին։

Անա­տոլուն հե­ռաւոր վայր մըն է, երբ դի­տես Պո­լիսէն, մա­նաւանդ Մի­ջին Անա­տոլուն։ Անա­պատ եր­կիր մը, լեռ­նե­րէ զուրկ, հրա­պու­րիչ որե­ւէ ար­ժա­նիք չու­նե­ցող ըն­դարձակ դաշ­տա­վայ­րեր… Եւ քա­ղաք­ներ, որոնք ոչինչ կ՚ըսեն այ­սօր՝ Քո­նիա, Ան­գա­րա, Նեվ­շե­հիր, Էս­քի­շեհիր, Եոզ­ղաթ, Այաշ, Չան­քը­րը… Ոչինչ կամ… շատ բան կ՚ըսեն։ Տխրու­թեամբ բա­նուած իրենց անո­րոշու­թիւնը, շէկ արե­ւի մը տակ, լերկ հո­ղերու վրայ, տար­տամ զգա­ցումներ յա­ռաջա­ցու­ցած են միշտ։ Ամա­յի քա­ղաք­ներ, թրքու­թիւն բու­րող, աւե­լի քան այլ վայր մը, դար­ձած հո­մանիշ­նե­րը ամ­լութեան։

Նախ Սիվ­րի­հիսար պի­տի եր­թանք։ Տա­փարակ դաշ­տի մը վրայ կ՚երե­ւի ցցուն լեռ մը (Կիւ­նեշ), որու լանջքին ալ կա­ռու­ցուած է գիւ­ղա­քաղա­քը։ Պատ­մա­կան աղ­բիւրնե­րը կը նշեն, թէ տեղ­ւոյն հա­յու­թիւնը մեծ մա­սամբ գաղ­թած է հե­ռաւոր Գան­ձա­կէն ու Ար­ցա­խէն, ԺԷ. դա­րուն։

Սիվ­րի­հիսար, նո­րէ՛ն վեր­ջին տա­րինե­րուն, կը յի­շատա­կուի իր վե­րանո­րոգեալ Ս. Եր­րորդու­թիւն եկե­ղեցիով։ 1650-ին հիմ­նադրուած այս եկե­ղեցին, 1876-ին հրկի­զուած է հայ­կա­կան թա­ղամա­սի հրդե­հէն ետք եւ վե­րակա­ռու­ցուած՝ 1881-ին։ Ներ­սէս Վար­ժա­պետեան պատ­րիար­քի օրօք տեղ­ւոյն հա­սարա­կու­թեան միաս­նա­կան ջան­քե­րով շի­նուած տա­ճարին ճար­տա­րապետն է Մեն­թեշ Փա­նայոթ։

Գլխա­ւոր դրան ար­ձա­նագ­րութիւ­նը դեռ ըն­թեռնե­լի է.

ՇՆՈՐ­ՀԻՒ ԱԶ­ԳԱՅՆՈՑ ՁԵ­ՌԸՆ­ՏՈւՈՒ­ԹԵԱՆ

ՅԱ­ՆՈՒՆ ԱՆ­ԲԱ­ԺԱՆ ՍԲ ԵՐ­ՐՈՐԴՈՒ­ԹԵԱՆ

ՆՈ­ՐՈԳ ԿԱ­ՌՈՒ­ՑԱՒ ԱՅՍ ԵԿԵ­ՂԵՑԻ

Ի ՊԱՏ­ՐԻԱՐ­ՔՈՒԹԵԱՆ ՏԵԱՌՆ ՆԵՐ­ՍԷ­ՍԻ

ՍԻՎ­ՐԻ­ՀԻՍԱ­ՐՈՒ ԲԱ­ՐԵՊԱՇՏ ԱԶ­ԳԻ

ՄԷՆ­ԹԷՇ ԲԱ­ՆԱՅՕԹ ՃԱՐ­ՏԱ­ՐԱՊԵ­ՏԻ

ՀԱ­ԶԱՐՈՒԹՀԱ­ՐԻՒ­ՐՈՒԹՍՈՒ­ՆԵՒՄԵ­ԿԻ

ԱՀԱ ՄԵԾ ԱՐ­ԴԻՒՆՔ ԱՆ­ՄՈ­ՌԱՆԱ­ԼԻ

 

Իրա­պէ՛ս, ան­մո­ռանա­լի…

Ամ­բողջ քա­ղաքին տի­րապե­տող փա­ռաւոր այս տա­ճարը տեղ­ւոյն հա­յու­թեան ան­ցեալի վկա­յարանն է։ Զոյգ զան­գա­կատու­նով քա­րակերտ կա­ռոյ­ցը ոչ մէկ նպա­տակի հա­մար կը գոր­ծա­ծուի այ­սօր։ Դռնե­րը փակ են, սա­կայն տեղ­ւոյն պա­հակը երբ տես­նէ որ խումբ մը եկած է, ան­մի­ջապէս կը փու­թայ բա­նալու զա­նոնք։ Եկե­ղեց­ւոյ սիւ­նա­զարդ դահ­լի­ճը, մկրտա­րանն ու աւան­դա­տու­նը, աւագ ու քովնտի խո­րան­նե­րը, զա­նոնք միաւո­րող բարձրա­դիր կա­մարը ու­նին բազ­մա­թիւ հա­յատառ ար­ձա­նագ­րութիւններ, որոնք ըն­թեռնե­լի են ալ մա­սամբ։

Եկե­ղեցիէն քիչ մը վեր, բլու­րին վրայ, նկա­տելի է հայ­կա­կան կի­սաւեր բա­ղանի­քը։ Ներ­քին կա­մար­նե­րուն վրայ փո­րագ­րուած են 1867 եւ 1868 թի­ւերը, որոնք թե­րեւս կը մատ­նանշեն շի­նու­թեան թուական­նե­րը։

Եկե­ղեց­ւոյ շրջա­կայ­քին հայ­կա­կան թա­ղամասն է, ուր կան պատ­մա­կան բազ­մա­թիւ տու­ներ։ Ոմանք վե­րանո­րոգուած են։ Իրենց վրայ փո­րագ­րուած են շի­նու­թեան թուական­նե­րը. բո­լորն ալ կը պատ­կա­նին ԺԹ դա­րու երկրորդ կէ­սին։ Տե­ղեկա­ցայ (առանց տես­նե­լու), որ տու­նե­րէն ներս տե­ղադ­րուած են յա­տուկ ցու­ցա­նակ­ներ, որոնց վրայ ար­ձա­նագ­րուած են իրենց նախ­կին տէ­րերուն անուննե­րը։

Կ՚այ­ցե­լեմ տեղ­ւոյն գե­րեզ­մա­նատու­նը՝ հա­յատառ տա­պանա­քար մը գտնե­լու յոյ­սով։ Սա­կայն ի զուր։

Սիվ­րի­հիսար հա­յոց սրտե­րուն մէջ սի­րելի ու ան­մո­ռանա­լի վայր մըն է Մու­շեղ Իշ­խա­նով։ 1914-ին այստեղ ծնած Մու­շեղ Ճեն­տե­րեճեանին ըն­տա­նիքը տա­րագ­րութե­նէն ետք դար­ձեալ վե­րադար­ձած է Սիվ­րի­հիսար՝ ժա­մանակ մը վերջ առ­յա­ւէտ լքե­լու հա­մար զայն։ Ո՞վ գի­տէ, «Տու­նե­րու եր­գը»ին ան­մահ բա­նաս­տեղծը այս տու­նե­րէն մէ­կուն մէջ ծնած եւ մին­չեւ իր կեան­քին վերջն ալ ապ­րած էր այդ տան կա­րօտով, եր­գած կո­րուստը այդ տան, այդ տան ցա­ւը մեծ­ցուցած իր սրտին մէջ։

Ահա նո­րէն քեզ հա­մար կ՚այ­րի հո­գիս այս գի­շեր

Կ՚ու­զեմ նո­րէն հեծկլտալ, բայց կը մնամ քա­րացած

Եւ այս ճամ­բէն մե­ղապարտ՝ ուր կը սա­հիմ ան­վերջ ցած՝

Ահա նո­րէն կը կան­չես զիս դէ­պի տուն, դէ­պի վեր

Օ՜ կար­ծես սո՛ւտ է այսպէս, միայն խաբ­կանք, չար երազ,

Որ դուն չկաս, դուն մե­ռար, ո՜վ սրբու­թիւն մեր տան,

Որ ես դար­ձեր եմ հի­մա փո­ղոցա­յին պիղծ տղան

Եւ ամ­բողջ ազգ մը ան­տուն կ՚ոգե­վարի մաս առ մաս։

Մար­դիկ հպարտ են իմ շուրջ, մար­դիկ ու­րախ, ժպտե­րես,-

Ար­տո­րան­քով կը բա­խեն ծա­նօթ դռներն իրենց տան,

Մար­դիկ հի­մա լու­սա­զարդ տու­նե­րու մէջ կը ցնծան,

Մինչ չու­զե­ցին, որ դուն ալ այս արե­ւուն տակ տե­ւես։

Ահա նո­րէն քեզ հա­մար կ՚այ­րի հո­գիս այս գի­շեր,

Եւ ես լե­ցուած սրբա­զան ու բար­բա­րոս զայ­րոյթով՝

Կ՚ու­զեմ քան­դել, կոր­ծա­նե՛լ բո­լոր տու­ներն անվրդով

Եւ տա­րածել անոնց տեղ ամէն կողմ սուգ ու աւեր…։

 Սիվ­րի­հիսա­րէն մին­չեւ Էս­քի­շեհիր շուրջ կէս ժամ է։ Եր­կար-բա­րակ գրե­լու ար­ժա­նի վայր մը չէ որ կը գտնեմ այդտեղ, հա­կառակ քա­ղաքա­պետին կամ ծա­նու­ցումնե­րու պնդումնե­րուն։

Քա­նի մը բա­րեկամ­ներ կ՚առանձնա­նաք ու կը սկսինք հայ­կա­կան հետ­քեր փնտռե­լու քա­ղաքին մէջ։ Էս­քի­շեհի­րի Հոշ­նուտի­յէ թա­ղամա­սը հիմ­նադրուած էր ԺԷ դա­րաս­կիզբին, հա­յերուն կող­մէ։ Փոր­սուք գե­տի եզ­րին գտնուող թա­ղամա­սը ու­նէր Ս. Եր­րորդու­թիւն եկե­ղեցին, որ այ­սօր կծկուած է «Զիւ­պէյտէ հա­նըմ» մշա­կու­թա­յին կեդ­րո­նի սրա­հին մէջ։ Դուրսէն աննկա­տելի տա­ճարը յան­կարծ կը յայտնուի երբ կը մտնենք թա­տերաս­րահ։ Եկե­ղեց­ւոյ գմբե­թը կան­գուն է, կ՚երե­ւին փոք­րիկ հրեշ­տակնե­րը, զար­դա­րուն սիւ­նե­րը… Սա­կայն կա­ռոյ­ցը խե­ղուած է՝ աւել­ցուած զա­նազան բա­ժին­նե­րով։ Կը ջա­նանք հայ­կա­կան եկե­ղեցի­ներուն յա­տուկ ճար­տա­րապե­տական կա­ղապար­նե­րով վերստին կա­ռու­ցել տա­ճարը, գտնել մուտքը, խո­րանին վայ­րը, վեր­նա­տու­նը։ Ան­յա­ջող փոր­ձեր։ Գի­տելի­քով հզօր մեր երե­ւակա­յու­թիւնը տկար է սու­տե­րով զրա­հուած իրա­կանու­թեան դի­մաց։

Կը շրջինք թա­ղամա­սը, ուր հա­րիւ­րա­մեակ մը առաջ կա­յին Ս. Մես­րոպ եւ Ս. Սան­դուխտ վար­ժա­րան­նե­րը։ Կը յայտնա­բերենք միայն Հայ­կա­կան ակումբին շէն­քը, որ այ­սօր վե­րակա­ռու­ցուած եւ դար­ձած է առող­ջա­պահա­կան հիմ­նարկ մը։

Մեզ­մէ մօտ ամիս մը առաջ Էս­քի­շեհիր այ­ցե­լած էր նաեւ լրագ­րող բա­րեկամս՝ Արիս Նալ­ճը։ «Ռա­տիքալ»ի մէջ հրա­պարա­կուած իր յօ­դուա­ծին մէջ, ակա­նատես լրագ­րող Ահ­մետ Ռե­ֆիքին յղուելով, ան կը պատ­մէր, թէ շո­գեկառ­քի կա­յարա­նին մօ­տակայ հա­յու տու­նե­րը Ցե­ղաս­պա­նու­թեան տա­րինե­րուն կը յանձնուին իթ­թի­հատա­կան­նե­րուն, ինչպէս՝ Թա­լէաթ պէ­յին, Ճան­փո­լաթ պէ­յին, Թո­փալ Իս­մա­յիլ Հաք­քըին…

Արիս Նալ­ճը կը գրէր նաեւ Էս­քի­շեհիր բնա­կող, աղ­րը­ցի «ծպտեալ» հա­յու մը՝ Արիս Խի­լիճեանին պատ­մութիւ­նը։ Վեր­ջինս 7 տա­րի առաջ, ու­սա­նելու նպա­տակով եկած է Էս­քի­շեհիր (մոռ­ցայ ըսե­լու, ու­սա­նողա­կան քա­ղաք մըն է նաեւ)։ Ծնող­նե­րուն, յատ­կա­պէս մեծ մօ­րը բեր­նէն, զա­նոնք ստի­պելով, կը քա­ղէ զա­նազան տե­ղեկու­թիւններ ու կը հաս­նի իր ինքնու­թիւնը դար­ձեալ բա­ցայայ­տե­լու կէ­տին։ Այո՛, մեծ մօ­րը ըն­տա­նիքը վե­րապ­րած էր։ Ալ վստահ էր։ Եւ կը փո­խէ իր անու­նը, կը դարձնէ Արիս։ Ինքզինք ծպտեալ չի նկա­տեր այ­լեւս, քա­նի որ բա­ցայայ­տօ­րէն կը խոս­տո­վանի հա­յու իր ինքնու­թիւնը։

Վե­րադար­ձի ճամ­բուն կը հան­դի­պինք Պար­տի­զակ, ուր ընթրե­լէ ետք կը շա­րու­նա­կենք մեր ճա­նապարհը ու կը հասնինք Պոլիս։

Agos

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.