Հայաստանի Բնակչութիւնը Կը Կազմէ 2 Միլիոն 998 Հազար. ՄԱԿ-ի Ներկայացուցիչ
Երէկ ՄԱԿ-ի բնակչութեան հիմնադրամի հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչ Աննա Յովհաննիսեան` ներկայացնելով «Օժանդակութիւն բնակչութեան հարցերով քաղաքականութիւններու իրականացման» ծրագրի ծիրէն ներս 2016 թուականին կատարուած «Հայաստանի Հանրապետութեան բնակչութեան իրավիճակային վերլուծութիւն» հետազօտութիւնը, յայտարարած է, թէ 2016 թ. Յունուար 1-ի դրութեամբ Հայաստանի բնակչութիւնը կազմած է 2 միլիոն 998 հազար (այս ցուցանիշը նախորդ տարուայ Յունուար 1-ի դրութեամբ նուազած է 14 հազարով):
«Աւելին, այս տարուայ առաջին եռամսեակի տուեալներով` բնակչութեան թիւը նուազել է եւս 4000-ով: Այսինքն` բնակչութեան թիւը կազմում է 2 մլն 998 հազար մարդ»,- նշած է Աննա Յովհաննիսեան` աւելցնելով, թէ նուզման նոյն արագութիւնը շարունակուելու պարագային 2017 թուականին Հայաստանի բնակչութիւնը պիտի պակսի 16 հազարով:
Իսկ ՄԱԿ- ի բնակչութեան հիմնադրամի հայաստանեան գրասենեակի գործադիր ներկայացուցիչ Գարիկ Հայրապետեանի խօսքով` հնարաւոր է` 2050 թուականին Հայաստանի բնակչութիւնը կազմէ 3 միլիոն 100 հազար: «Այսօրուայ իրավիճակում, հաշուի առնելով ներկայիս գործօնները, Հայաստանում 2050 թուականին դրական առումով կարող է լինել 3 մլն 100 հազար մարդ, իսկ եթէ բացասականը դիտարկենք` 1 միլիոն 700 հազար մարդ: Բայց սա ընդամէնը կանխատեսում է: Ապրիլի 2-ի կրկնութեան ժամանակ ամէն ինչ կարող է փոխուել մէկ ժամուայ ընթացքում»,- ըսած է ան:
Գ. Հայրապետեանի խօսքոով` 65 եւ աւելի տարիքի մարդիկ կը կազմեն բնակչութեան 11 %-ը, որուն մէջ` կանանց թիւը 50%-ով կը գերազանցէ տղամարդոց թիւին, եւ մեր կանխատեսումներով 2050 թուականին տարեց բնակչութիւնը պիտի ըլլայ 22 %-ը` մօտ- 1/4-ը: Ասիկա պիտի ազդէ նաեւ տարեցներու կախեալութեան գործակցի աճին: Այս առումով լուրջ մտահոգութիւն ունինք, որովհետեւ եթէ 80-ականներու վերջին ունեցած ենք 8/1-ի յարաբերակցութեամբ գործակից, այսինքն` 8 աշխատող կը վճարէին 1 չաշխատողի համար, այսօր այդ թիւը մօտ 4 է»: