Մանոյեան Դաշնակցութեան Մտահոգութիւնը Կը Յայտնէ Փաթեթային Լուծումին` Փուլայինի Վերածուելէն

 

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան 21 յունիսին «Փաստարկ» մամլոյ ակումբին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպումին եւ անոր լոյսին տակ հրապարակուած յայտարարութեան, որուն մէջ, ըստ Մանոյեանի, կը խօսուի քանի մը բանի մասին, որոնց իրականացումը ժամանակի ընթացքին կարելի պիտի ըլլայ տեսնել:

Կիրօ Մանոյեան դիտել տուաւ, որ հանդիպումին ընթացքին խօսուած է գրեթէ ամէն ինչի մասին` վերահսկողութեան մեքանիզմներու հաստատման, ԵԱՀԿ-ի դիտորդներու թիւի բարձրացման. անոր համաձայն, ընդհանուր տպաւորութիւնը դրական է, սակայն կան որոշ մտահոգութիւններ: «Մեր մտահոգութիւնը այն է, որ երբ արդէն բանակցութիւնները լրջօրէն սկսին տագնապի լուծման շուրջ, կը կարծեմ, թէ հայկական կողմին վրայ, Լեռնային Ղարաբաղի վրայ ճնշումները պիտի աւելնան, որովհետեւ պարզ է, որ համանախագահները պիտի ուզեն բաւարարող բան մը տալ Ազրպէյճանին, եւ ատիկա կրնայ ըլլալ այն, որ առանց բոլոր սկզբունքներուն շուրջ վերջնական համաձայնութեան, արդէն սկսին մշակել համապարփակ համաձայնագիրը, ինչ որ կրնայ այլ հետեւանքներ ունենալ», դիտել տուաւ Մանոյեան: Ան նշեց, որ եթէ առանց հիմնական բոլոր սկզբունքներուն վերաբերող համաձայնագիրի մշակման կատարուի այս մէկը, կրնայ գալ պահ մը, երբ համանախագահներ ըսեն, որ եթէ այսքանին շուրջ համաձայնած էք, սկսինք գործադրել:

«Այսինքն` փաթեթային լուծումը կարծես կրնայ փոխուիլ եւ դառնալ ոչ թէ փաթեթային այլ փուլային լուծում, ինչ որ մեր շահերէն չի բխիր: Այսինքն` եթէ արդէն սկսին համապարփակ լուծման հոլովոյթին` առանց հիմնական սկզբունքներուն շուրջ համաձայնութիւններու, ապա կրնայ հասնիլ պահ մը, երբ համանախագահ պետութիւնները կողմերուն պիտի ըսեն` եթէ այսքանին շուրջ համաձայնած էք, եկէք այսքանն ալ սկսինք իրականացնել: Այդ Մատրիտեան սկզբունքներ կոչուածը, որուն մասին կ՛ըսեն, թէ տագնապի փաթեթային լուծում է, կրնայ յանկարծ վերածուիլ փուլային լուծման, ինչ որ մեր շահերէն չի բխիր: Դաշնակցութիւնը միշտ դէմ եղած է Մատրիտեան սկզբունքներուն, սակայն, Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ ատիկա իբրեւ հիմք ընդունուած է, եւ հիմա մեր մտահոգութիւնն այն է, որ այդ փաթեթային լուծում կոչուածը չխեղաթիւրուի եւ դառնայ փուլային լուծում», մանրամասնեց Կիրօ Մանոյեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ազրպէյճանի նկատմամբ ճնշումներու հաւանականութիւն կը տեսնէ՞, նաեւ` հետաքննական սարքերու տեղադրման մեքանիզմներուն վերաբերեալ, Կիրօ Մանոյեան ըսաւ, որ եթէ ազրպէյճանական կողմը դրական կ՛արտայայտուի այդ գծով, ուրեմն բացառուած չէ, որ նման լուծումներու համաձայն ըլլայ: «Բայց ատիկա Ազրպէյճանի վրայ ճնշումի հետեւանք է, այնպէս չէ, որ իր պարզ փափաքով Ազրպէյճան համաձայն կը գտնուի», ըսաւ Մանոյեան եւ ընդգծեց, թէ, փաստօրէն, միջազգային հանրութիւնը ճնշում կը բանեցնէ Ազրպէյճանի վրայ, որ համաձայնութիւն հաստատուի վստահութեան մթնոլորտին վերաբերող մեքանիզմներու հարցին մէջ: «Հիմա աւելի շատ է ճնշումը Ազրպէյճանի վրայ, իսկ աւելի ուշ` մեր վրայ», ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.