Ռապըրթ Ֆիսք. «Սողոմոն Թեհլիրեանի Որդիին Հետ Զրոյցս»

 

Ռապըրթ Ֆիսք բրիտանական «Տը Ինտիփենտընթ» օրաթերթին մէջ կը գրէ. «Սողոմոն Թեհլիրեան կրտսերը ժամանակ չունի անոնց համար‚ որոնք կ’ուզեն‚ որ աշխարհը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը։ «Հայերը շարունակ կը փորձեն գերեզմանէն բաներ դուրս բերել»‚ կ’ըսէ ան։ «Երեք սերունդ առաջ տեղի ունեցած է։ Պատմութիւն է։ Բոլորը շատ մարդ սպաննեցին։ Չես կրնար սպանական Հաւատաքննութեան եւ Հռոմէական կայսրութեան վերադառնալ եւ զայն վերադարձնել։ Ես այդ մարդը չեմ։ Չեմ յիշեր‚ որ հայրս թուրքերուն մասին մէկ հատ վատ խօսք ըսած է։ Ան պարզապէս կ’ուզէր խաղաղ կեանք ապրիլ»։

«Մտիկ կ’ընեմ‚ առոյգ ձայնը 86-ամեայ այս հայուն‚ որ հեռաձայնով ինծի հետ կը խօսի ամերիկայէն‚ եւ գլուխս կը ստիպուիմ շարժել‚ որպէսզի յիշեմ‚ թէ անոր հայրը‚ Սողոմոն Թեհլիրեանը‚ մարդասպան մըն էր‚ որ Մեհմեթ Թալեաթ Փաշան՝ Օսմանեան կայսրութեան մեծ վեզիրը եւ 1915-ի 1,5 միլիոն քրիստոնեայ հայերու ցեղասպանութեան կազմակերպիչը սպաննած է։

«Ան 1921-ին Պերլին զբօսայգիին մէջ սպաննեց Թալեաթը‚ իրենց ժողովուրդի բնաջնջումը ծրագրած անձերը սպաննելու հայերու «Նեմեսիս» գործողութեան ծիրին մէջ։ Գերմանիոյ Վէյմարի հանրապետութեան դատարանը 20-րդ դարու առաջին ողջակիզումէն այնքան ցնցուած էր‚ որ Թեհլիրեանի դատավարութեան ընթացքին դատաւորները հազիւ երկու օրուան պէտք ունեցան հայ մարդասպնը «անպարտ» հռչակելու։

«Ուրեմն Սողոմոն Թեհլիրեան չպատժուեցաւ‚ եւ իր հարստացաւ Եուկոսլաւիոյ մէջ‚ ուր իր զաւակները ծնան‚ ապա հասաւ Քալիֆորնիա։ Անոր փոքր տղան 12 տարեկան էր‚ երբ գերմանացիները 1941-ին պալքանեան երկիրներ ներխուժեցին։

«Թալեաթ Փաշան սպաննելու համար հօրս օգտագործած ատրճանակը տեսայ‚ սակայն երբ գերմանացիները եկան‚ ան զայն Տանուպ գետին մէջ նետեց»‚ կ’ըսէ ան՝ աւելցնելով. « Երբ Գերմանացիները Եուկոսլաւիան գրաւեցին‚ «Լուկար» ատրճանակ մը ունենալը մահավճիռի համազօր էր»։

Ընտանիքի պատմութիւնը թէ՛ ահաւոր է‚ թէ՛ ողբերգական‚ եւ Սողոմոն Թեհլիրեանի կրտեսր որդին իր մականունը փոխած է ինքզինք հեռու պահելու համար պատմութենէն եւ թուրքերէն‚ որոնք տակաւին իր հայրը կը նկատեն աշխարհի ամէնէն հռչակաւոր «ահաբեկիչը»։

Ան «Ինտիփենտընթ»-էն խնդրեց իր իսկական ինքնութիւնը չբացայայտել‚ «Անունս կամ հասցէս մի նշէք… ։ Չես գիտեր ինչ կրնայ պատահիլ‚ եթէ խենթ թուրք մը իմանայ…»։

Թեհլիրեան կրտսերին մեծ եղբայրը այժմ մահացած է։ Անոր հայրը մահացաւ 1960-ին Ամերիկայի մէջ։ Խնդրանք մըն էր‚ որ կարելի չէր մերժել։ Սակայն տակաւին ողջ եղող զաւկին Սողոմոն Թեհլիրեան մասին յիշողութիւնը շատ լաւ է։

«Ան շատ քնքուշ‚ հեզաբարոյ մարդ մըն էր‚ համարեայ միամիտ մը։ Ես եւ մեծ եղբայրս պէտք էր ստիպէինք զինք‚ որ պատահածին մասին պատմէ։ Ան չէր սիրեր այդ մասին խօսիլ։ Ան սակաւախօս մըն էր։ Ան բանաստեղծութիւններ կը գրէր եւ լաւ կը գծեր։

«Ան չէր այն‚ որ մարդասպան մը պէտք է ըլլայ։ Ան առաջին անգամ Թալեաթը սպաննելուն մասին խօսեցաւ‚ երբ 10 տարեկան էի»։

(…) Թալեաթ Փաշան‚ երեք տասնամեակ ետք իր օրինակին հետեւած նացի պատերազմական ոճրագործներուն նման‚ Համաշխարհային Ա պատերազմին իր երկրին պարտութենէն ետք արտասահմանի մէջ ապաստան փնտռեց։ Ան ընտրեց Պերլինը։ Եւ այդտեղ է‚ որ 1921-ին Սողոմոն Թեհլիրեան երեցը ուղարկուեցաւ սպաննելու երկարահասակ‚ մորուքաւոր մարդը‚ որ լուռ կերպով կ’ապրէր Գերմանիոյ մայրաքաղաքի Շարլոթենպերկ շրջանին մէջ։

«Հայրս խումբ մը ուսանողներուն հետ սենակի մը մէջ կ’ապրէր»՝ անոր զաւակը կը յիշէ՝ աւելցնելով‚ «Ան Թալեաթի տան դիմացը կ’ապրէր։ Լուսանկարներուն մէջ Թալեաթ պեխ ունի‚ որ երկարելով վերածած եր մորուքի եւ երկու թիկնապահ ունէր»։

«Թալեաթ սովորութիւն մը որդեգրելու դասական սխալը գործեց‚ «Ան քալելու կ’երթար ամէն օր ժամը 11-ին։ Հայրս իր երտին հասաւ եւ իր անունը կանչեց «Թալեա՛թ»‚ եւ երբ ետ դարձաւ հայրս զինք սպաննեց…Տեղեակ չեմ թէ թիկնապահերուն ինչ պատահեցաւ։ Այս բոլորին ականատես դարձած մարդիկը բռնեցին ու ծեծեցին հայրս եւ Պերլինի ոստիկանութիւնը միայն զինք փրկել խոշտանքուելէ։ Հետագային‚ իմացայ‚ որ ան Պոլսոյ մէջ նաեւ սպաննած է Հայ Քուսլինկ մը‚ որ ցեղասպանութեան ժամանակ թուրքերուն հաշւոյն կը լրտեսէր»։

Իրապէս ալ 1921-ին‚ Թեհլիրեան ահաբեկեց Յարութիւն Մկրտիչեանը‚ ով Ապրիլ 1915-ին Թալեաթի օժանդակեց հաւաքելու հայ կրօնաւորները‚ լրագրողներն ու փաստաբանները աքսորելու եւ սպանելու համար։ Վիտքուն Քուիսլինկ 1940-ին‚ Օսլոյի մէջ Նացիական բռնագրաւումի կառավարութեան նորվեկեացի ղեկավարն էր‚ «ցեղասպանութիւն» բառին նման անոր անունը եւս գոյութիւն չունէր իբրեւ եզր մինչեւ Համաշխարհային Բ պատերազմ‚ եւ Քուիսլինկ եւս մահապատիժի ենթարկուեցաւ‚ թէեւ հետպատերազմեան դատավարութենէ մը ետք։

(…) Ըստ հայկական ժողովրդային պատմութեան Թեհլիրեանի ամբողջ ընտանիքը‚ իր հայրը‚ մայրը‚ քոյրերն ու երեք եղբայրները ցեղասպանութեան ընթացքին իր աչքին առջեւ սպաննուած են։  Ասիկա ճիշդ չէ։ Օրին Սողոմոն Թեհլիրեան Հայաստան չէր գտնուէր։

«Ան Սերպիա էր‚ զուգադիպութեամբ մը այդտեղ փոխադրուած էր Յունիս 1914-ի այն օրը‚ երբ Կաւրիլլօ Փրինչիփէն Սարայեւոյի մէջ սպաննեց Ֆերտինանտ արքիդուքսը։

«Հայրս քոյր չէ ունեցած»‚ կ’ըսէ անոր որդին։ «Ան եւ իր երկու եղբայրները Սերպիա էին։ Իր մայրն էր՝ իմ մեծ մայրս‚ որ ցեղասպանութեան ընթացքին սպաննուած էր իր մեծ եղբօր Վազգէնի հետ՝ որ հօրեղբայրս է եւ Պէյրութի մէջ բժշկութիւն կ’ուսանէր։

«Հայրս (Պոլշեւիկեան) Յեղափոխութեան ժամանակ մեկնեցաւ Ռուսիա եւ միացաւ զօրավար Անդրանիկ Օզանեանի հայկական բանակին‚ որ Ռուսիոյ ցարի բանակին կողքին կը կռուէր թուրքերուն դէմ։ Հօրս լուսանկարը ունիմ փուրթէ գլխարկով եւ փամփուշտերը խաչ կապ կապած։ Ռուսական ճակատը օրին (հայկական քաղաք) Վանի մէջ էր։ Չեմ գիտէր‚ եթէ օրին տեղեակ էր‚ թէ իր մօր եւ եղբօր ինչ պատահած է‚ սակայն գտաւ իր 12 տարեկան զարմիկը‚ որ կորսուած էր Արեւմտահայաստանի անտառներուն մէջ։ Անոր անունը Արմէնուհի էր եւ Միսակ հօրեղբօրս աղջիկն էր։ Գտաւ նաեւ Միսակի առաջին կինը»։

1917-ին‚ Սողոմոն Թեհլիրեան հանդիպեցաւ 15 տարեկան հայ աղջիկի մը‚ որուն անունը Անահիտ էր։ «Ան իր կեանքին մեծագոյն սէրն էր»‚ անոր որդին կ’ըսէ։

«Պերլինի մէջ իր դատաւարութենէն ետք հայրս մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներու Քլիվլընտ քաղաքը‚ սակայն Անահիտը‚ որ իր մայրս է‚ կը գտնուէր Խորհրդային Միութիւն եւ չէր կրնար հեռանալ։ Ան Թիֆլիսի մէջ տեղւոյն անցագրի գրասենեակը գնաց եւ ըսաւ‚ որ կ’ուզէ մեկնիլ Ամերիկա ամուսնանալու համար հօրս հետ‚ սակայն անոնք «ոչ» ըսին։ Ապա ան եւ իր մեծ քոյրը 1923-ին Թիֆլիսի մէջ հանդիպեցան առեւտրականի մը‚ որ լսեց անոր պատմութիւնը‚ ապա իր այցետոմը տուաւ եւ երկու աղջիկներուն թելադրեց զայն ցոյց տար անցագրերու սովետական գրասենեակին։

«Հազիւ այդ մէկը կատարեցին Անահիտին ելքի արտօնագիր մը տուին եւ իր քրոջ սովետական անցագիր մը։ Երբեք չգիտցան‚ թէ առեւտրականը ով էր։ Անահիտի մայրը՝ մեծ մայրս անոր ըսաւ‚ որ շատ փոքր է առանձին երթալու եւ անոր քոյրը՝ այսինքն մօրաքոյրս պէտք է իր հետ երթայ»։

«Երկու աղջինկները մեկնեցաւ Մարսէյ‚ սակայն Միացեալ Նահանգները մերժեցին Անահիտի քրոջ մուտքի արտօնագիր տալ‚ որովհետեւ նորակազմ Սովետական Միութեան քաղաքացի մըն էր։ Ան ստիպուեցաւ վերադառնալ։

«Հայրս Քլիվլընտի մէջ իր գործը ձգեց եւ մեկնեցաւ Մարսէյ»‚ անոր որդին կ’ըսէ։ Սողոմոն Թեհլիրեան ամունացաւ Անահիտի հետ եւ որոշեց երթալ Եուկոսլավիա‚ որովհետեւ այդտեղ ազգականներ ու բարեկամներ ունէր։ Սակայն յեղափոխութեան քաղաքականութիւնը զինք ծովու թռչունի մը նման կը հետապնդէր։

Եուկոսլաւիոյ մէջ ան սկսաւ սուրճի յաջող առեւտուր մը եւ իր այցեքարտը‚ ըստ անոր որդիին‚ կը հռչակէր‚ թէ ինք Ալեքսանտր թագաւորին «արքունիքի սուրճ աղացող»-ն է։ Եուկոսլավիոյ մէջ սուրճի առեւտուրի մենաշնորհը ունէր «եւ Ֆորտ փոքր բեռնակարգով մը սուրճ կը մատակարարէր թագաւորին պալատին»։

«Սակայն Համաշխարհային Բ պատերազմէն եւ Թիթոյի իշխանութեան գալէն ետք‚ Սողոմոն Թեհլիրեան բարեկամացաւ բողոցային լակոտի մը հետ եւ զայն հրաւիրեց իր սուրճի գործին մէջ աշխատելու։ «Ան համայնավար դարձաւ»‚ կ’ըսէ Թեհլիրեանի որդին‚ «եւ օր մը խանութ մտաւ եւ հօրս ըսաւ. «Հիմա դուրս ել‚ ասիկա ժողովուրդին կը պատկանի»։ Հայրս լալով տուն եկաւ։ Զինք վտարեցին»։

Սողոմոն Թեհլիրեան իր կեանքի մնացեալ օրերը անցուց Միացեալ Նահանգներու մէջ‚ եւ 1960-ին մահացաւ ուղեղային ուրի մը պատճառով։ Անոր կինը՝ Անահիտը մահացաւ 1979-ին։

«Իր վերջին տարիներուն‚ հայերը զինք ցուցադրեցին Ամերիկայի մէջ քաղաքներու մէջ՝ Պոսթոնի‚ Քլիվլընտի‚ Նիւ Եորքի մէջ»‚ կ’ըսէ անոր որդին։ «Ան հայրենասիրական ճառեր կը խօսել‚ սակայն երբեք չէր սիրեր խօսիլ պատահածին մասին»։ Անոր գերեզմանը կը գտնուի Ֆրեզնոյի Արարատ գերեզմանատան մէջ‚ անոր վրայ կայ ոսկեզոծ հայկական արծիւ մը իր ժանիքներուն մէջ օձ մը‚ որ կը ներկայացնէ Թեհլիրեան հռչակաւոր զոհը՝ Թալեաթ Փաշան։

Թալեաթի դիակը այսօր կը գտնուի կեդրոնական Պոլսոյ մէջ մեծաթիւ այցելուներ ունեցող դամբարանի մը մէջ։ Դիակը 1943-ին թուրքերուն վերադարուեցաւ նացիական կեռ խաչով զարդարուած շոքեկարգով մը‚ եւ հրամանովը Ատոլֆ Հիթլերի‚ որ կը յուսար‚ թէ այդ քայլը չեզոք դիրք բռնած Թուրքիան պիտի համոզէ Գերմանիոյ ճամբարին միանալու։ Ի զուր»։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.