Սայքս-Փիքօ եւ Սեւր. Գաղութատիրութեան քարտէսները եւ ժողովուրդներու անկախութիւնը

 

Խ. Տէր Ղուկասեան

Հարիւր տարի առաջ, Մայիս 16ին, Ֆրանսա եւ Մեծն Բրիտանիա գաղտնի համաձայնութիւն մը կը կնքէին Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի աւարտին իրենք իրենց մէջ բաժնելու համար Օսմանեան Կայսրութեան այսպէս կոչուած «արաբական նահանգները»: Ֆրանսուա Ժորժ-Փիքօ եւ Մարք Սայքս ներկայացուցիչներն էին երկու եւրոպական պետութիւններուն որոնք առաջ տարին բանակցութիւնները եւ գծեցին քարտէս մը որ պատմութեան անցաւ որպէս Սայքս-Փիքօ համաձայնութիւն: Երկու դաշնակիցները չէին անտեսած ձարական Ռուսիան որուն տեղեակ պահեցին իրենց առաջարկին մասին եւ ստացան Սան Փեթերսպուրկի ամբողջական զօրակցութիւնը: Ռուսիա իր համաձայնութիւնը տուած էր համաշխարհային նոր կարգ մը հաստատելու հաւակնութիւնը ունեցող այս ծրագրին որովհետեւ, փաստօրէն, Սայքս-Փիքոյի քարտէսին վրայ իրեն բաժին կը հանէր արեւելեան Անատոլեան ներառեալ Արեւմտահայաստանը: Ռուսիա, առաւել, Ֆրանսայի եւ Մեծն Բրիտանիոյ հետ պիտի վերահսկէր Պաղեստինի համար նախատեսուած միջազգային տարածաշրջանին վրայ: Համաձայնագիրը կը նպատակադրէր ուժերու նոր հաւասարակշռութեան մը ճամբով իր լրումին հասցնել 19րդ դարու սկիզբէն ձեւաւորուած մեծապետական եռակողմանի մրցակցութիւնը Մեծն Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ միջեւ որ ժողովրդականացած էր որպէս Մեծ Խաղը: Իր խորքով եւ ձեւով համաձայնագիրը հարազատ արտացոլացումն էր գաղութատէր պետութիւններու աշխարհը իրենք իրենց միջեւ բաժնելու սովորութեան առանց դոյզն նկատառումի այլ ժողովուրդներու իրաւունքներուն եւ հաւաքական ձգտումներուն: Նախընթացներէն թերեւս ամենէն հաստագրուածը 1885ի Պեռլինի գագաթաժողովն էր որուն ընթացքին գծուեցան ափրիկեան ցամաքամասի ներքին սահմանները: Սայքս-Փիքօ համաձայնագիրը պատմութեան անցաւ որպէս Միջին Արեւելքի բաժանման ծրագիր, որպէս արաբ ժողովուրդին կատարուած սեփական պետութեան մը խոստումի դրժում եւ որպէս Միջին Արեւելքի մէջ եւրոպական գաղութատիրութեան սկիզբ:

Իրականութեան մէջ Սայքս-Փիքօ համաձայնագիրը շատ աւելի պատմական միթ մըն է քան իրականութիւն: Վերջին հաշուով երկու պետական անձնաւորութիւններու գծած սահմանները չեն որ Միջին Արեւելքի քարտէսը կը յատկանշեն: Համաձայնագրէն մէկ տարի յետոյ, 1917ին, երկու իրադարձութիւններ յատկանշեցին պատմական գործընթացը: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ուուտրոյ Ուիլսըն ընթառաջելով Դաշնակիցներու դիմումին Քոնրէսին համոզեց պատերազմ յայտարարել Գերմանիոյ դէմ եւ հաստատելո համաշխարհային նոր կարգ մը իր ճառին մէջ նշուած հանրածանօթ տասնըչորս կէտերու հիման վրայ որ միջազգային յարաբերութիւններու ոլորտին մէջ կը հաստատէին ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը: Գաղութատէր պետութիւնները լաւ գիտէին որ Ուիլսըն պիտի մերժէր որեւէ համաձայնագիր որ Ուաշինկթընի հաւանականութիւնը չունենար եւ, հետեւաբար, Սայքս-Փիքօ համաձայնութիւնը այնքան ալ հեշտօրէն պիտի չգործնականանար: Երկրորդ յատկանշական իրադարձութիւնը ռուսական յեղափոխութիւնն էր եւ պոլշեւիկներու իշխանութեան հասնիլը նոյն տարուայ Հոկտեմբերին: Համաձայն Լենինի ստանձնած յաձնառութեան Պրեսթ-Լիթովսքիի մէջ, համայնավարները քաշուեցան պատերազմէն, եւ շատ հաւանաբար համոզուած որ իրենց յեղափոխութիւնը իր բնոյթով համաշխարհային էր, «աշխարհ մը ունէին շահելու» ինչպէս Մարքսի եւ Էնկէլսի խմբագրած Մանիֆեստը կը հաւաստիացնէր պրոլետարիատին, բացայայտեցին Սայքս-Փիքօ համաձայնագիրը որով եւ երաշխաւորեցին անոր ձախողումը: Հոգ չէ թէ հազիւ քանի մը տարի յետոյ, մինչ Կարմիր Բանակը յեղափոխութիւնը տարածելու դիմակին տակ կը վերականգնէր ու կ’ընդարձակէր նախքին ձարական կայսրութիւնը, ազգութիւններու կոմիսար Ստալինը Կովկասի մէջ ինք նախաձեռնողը պիտի ըլլար մեծապետական սահմանագծումներու ի հեճուկս ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքին, որպէս ստալինեան ռէալփոլիթիքի առաջին փորձառութիւն եւ սկիզբ շնական վերաբերմունքի մը որ պիտի յատկանշէ Մոսկուայի թէ՛ ներխորհրդային թէ՛ արտաքին քաղաքականութիւնը յաջորդ եօթը տասնամեակներուն…

Ոչինչ, բնականաբար, ետ կեցուց եւրոպական գաղութատիրութիւնը առաջ տանելու իր նպատակները թէկուզ եւ նոր պատշաճեցումներով: Արդարեւ, 1917 թուականը կը յատկանշէ նաեւ սիոնական շարժումին Մեծն Բրիտանիոյ տուած այսպէս կոչուած «Պալֆուրեան խոստումին» ընդ որում հրեայ ժողովուրդին կը տրուէր Պաղեստինի մէջ «ազգային օճախ» մը ունենալու իրաւունքը առանց որ այդ մէկը անպայմանօրէն նշանակէր անկախ հրեական պետութիւն մը, ինչպէս շարժման հիմնադիր եւ տեսաբան Թէոտոր Հերցել կը նպատակադրէր համանուն խորագրով իր գրքով: Միջին Արեւելքի արդիական սահմանները ի վերջոյ վաւերացուեցան 1920ի Սան Ռէմոյի խորհրդաժողովին ընթացքին եւ եւրոպական գաղութատիրութիւնը դրաւ մէկ տարի առաջ Խաղաղութեան Վեհաժողովի ստեղծած Մանտաթի դիմակը որպէս տարածաշրջանի վրայ իր տիրապետութեան միջազգային օրինակութիւն տուող փաստարկ:

Հակառակ Սայքս-Փիքոյի անվաւերականութեան որպէս ներկայ Միջին Արեւելքը ծնունդ տուած քարտէսի, համաձայնագիրը իրաւմամբ ունեցած է հզօր ազդեցութիւն արաբական ազգայնականութեան հաւաքական երեւակայութեան վրայ՝ ֆրանսական գաղութատիրութիւնը մերժող սուրիական 1920-1923ի ապստամբութենէն մինչեւ Իսրայէլի ստեղծումը եւրոպական գաղութատիրութեան սադրանք համարող այլամերժական ճարտասանութիւնը որ կը տիրապետէ մինչեւ այսօր: Սակայն եթէ մէկ կողմէ անժխտելի է գաղութատիրական քաղաքականութեան որոշիչ եւ դատապարտելի քաղաքականութիւնը, միւս կողմէ նոյնքան ճիշդ է որ իւրաքանչիւր ժողովուրդ նաեւ ի՛նք պատասխանատու է իր ճակատագրին:

Այս իմաստով, Սայքս-Փիքօ համաձայնութիւնն ու անոր պատմական գործընթացը իրականացաւ նաեւ որովհետեւ առաջին հերթին դեռեւս 1916ին երբ արաբները ապստամբեցան չորս դարերու օսմանեան լուծը թօթափելու համար յստակ չէր թէ ի՛նչ ազգային ծրագրի հետամուտ էին: Աւելի՛ն, օսմանեան լուծէն ազատագրուելու չափ եւ թերեւս անկէ աւելի որոշիչ էին ներաբական տարակարծութիւնները սկսելով իսլամական շրջանակներու հակադրութեան արաբական ազգային լայիք ինքնութեան մը գերակայումին ինչպէս 19րդ դարու արաբական վերածնունդը, ալ-Նահտա, պատկերացուցած էր, մինչեւ այն հողատարածքը որ արաբական անկախ հայրենիքը կոչուած էր ըլլալու, եւ, տակաւի՛ն ու մանաւա՛նդ, իշխանութեան համար բուռն մրցակցութիւնը արաբ ղեկավարներու միջեւ: Միւս կողմէ, ինչպէս տարածաշրջանի մասնագէտ Հանրի Լօրան ճիշդ կերպով դիտել կու տայ, ֆրանսացիք եւ բրիտանացիք գծեցին Միջին Արեւելքի սահմանները եւ արաբները ներկեցին այդ քարտէսը: Այլ խօսքով՝ տարածաշրջանային պետութիւնները որոնք ծնունդ առին եւրոպական գաղութատիրութեան պարտադրութեամբ նաեւ արդիւնք էին տեղւոյն ղեկավար տարրի յարմարեցումներուն եթէ ոչ համագործակցութեան՝ յաճախ հատուածական իրենց նեղ շահերու հաշիւներու հիման վրայ:

Աւելի՛ն. երբ Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմէն յետոյ ինքզինք սպառած գաղութատիրութիւնը տեղի տուաւ եւ արաբական երկիրները յայտարարեցին իրենց անկախութիւնը, յաջորդող տասնամեակներուն մինչեւ օրս հակառակ բազմաթիւ աղէտներու սկսելով պաղեստինցի ժողովուրդին իրաւազրկումը մինչեւ լիբանանեան տասնըհինգամեայ քաղաքացիական պատերազմը, արաբական ազգային մտածողութիւնը չյաջողեցաւ լուծում առաջադրել հասարակութիւնը ներքնապէս պառակտող կրօնական-համայնքային թէ աշիրաթական հաւատարմութիւններէ, մինչ համարաբականութեան ութոփիան պատրուակ կը ծառայէր տարածաշրջանի մէջ ղեկավար դիրք գրաւելու իշխանութեանպայքարին: Արդիւնքով՝ հանրապետական թէ թագաւորական, արաբական երկիրներու բոլոր պետութիւնները չկարողացան շրջանցել ամբողջատիրականութեան փորձութիւնը որուն հետեւանքով ալ տնտեսական արդիականացումը թէ մարդկային զարգացումը առնուազն լճացան:

Լաւագոյն նպատակներով ծայր առած արաբական ըմբոստութիւնները, որոնց տրուեցաւ «արաբական գարուն» ձախորդ որակումը, մերկացուցին ամբողջատիրական վարչակարգերու էութիւնը, առանց, դժբախտաբար, ունենալու անհրաժեշտ կարողութիւնը համակարգային փոփոխութեան: Արաբներու այս «ողբերգութիւնը» ինչպէս արաբ գիտակից շատ մտաւորականներ բացայայտած են իրենց իքնաքննադատական վերլուծումներուն մէջ այսօր բացայայտ է ոչ միայն ՏԱՀԷՇական կամ ալ-Քաիտայի հրէշութիւններուն ընդմէջէն որոնք կը հաւակնին Սայքս-Փիքոյի աւարտել վերականգնելով իսլամական Ումման եւ Խալիֆայութիւնը, որուն համար ալ նաեւ իրարու դէմ կը պայքարին, այլ մանաւանդ ի դէմս արաբական լռութեան երբ Իսլամական Պետութիւններու Կազմակերպութեան վերջին խորհրդաժողովին Էրտողան անպատկառօրէն առաջարկեց Արաբական Լիկան վերածել Իսլամական Լիկայի, որով եւ նորօրեայ սուլթանը հազիւ թէ կը թաքցնէր Սայքս-Փիքոյի աւարտին ի՛ր տարբերակը՝ օսմանականեան նորատեսակ տիրապետութիւն մը որ կը յիշեցնէ թուրք տարրին գերակայութիւնը «փիս արաբլար» ժողովուրդին վրայ…

Սայքս-Փիքոյի համաձայնութիւնը աննշան տեղ կը գրաւէ հայ ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան մէջ: Այն տարին երբ գաղտնաբար կը ստորագրուէր, Արեւմտահայաստանը արդէն մեծ մասամբ դատարկուած էր իր բնակչութենէն որ զոհ գացած էր Երիտթուրքերու ծրագրած ցեղասպանութեան: Ճիշդ է, հայ կամաւորական գունդեր արդէն կ’առաջանային ռուսական բանակի կողքին բայց պատերազմէն յետոյ ազգային հաւաքական ճակատագրին ծրագրում մը բնականաբար չկար երբ օրուան հրամայականը լոկ վերապրումն էր: Բայց եթէ պահ մը ենթադրենք որ պատմական իրադարձութիւնները այլ ընթացք ունեցած ըլլային եւ Սայքս-Փիքօն իրականանար ի՞նչ պիտի ըլլար հայ ժողովուրդի ճակատագիրը: Համաձայն գաղութատիրական այդ քարտէսին, Արեւմտահայաստանը պիտի անցնէր ռուսական տիրապետութեան տակ ինչ որ յարաբերաբար աւելի բարենպաստ է անշուշտ քան թուրք-օսմանական լուծը ինչպէս որ հասկցած էր հայ քաղաքական մտածողութիւնը նախորդ դարուն: Բայց հայ քաղաքական մտածողութիւնը նաեւ գիտակից էր որ ռուսական տիրապետութիւնը անպայմանօրէն մեր ազգային իղձերուն համապատասխան չէ: Երաշխիք չկար բնաւ որ ռուսական բանակով ազատագրուած Արեւմտահայաստանը պիտի վերաբնակուէր հայերով երբ ռուսական մեծապետականութիւնը հասած էր մինչեւ իսկ բանաձեւելու «Հայաստան առանց հայու» շնականութիւնը: Ոչ ալ անպայմանօրէն հայկական պետականութեան նման կառավարման ձեւ մը կարելի էր նախատեսել երբ պատմական նախընթացը հայկական պատմական հողատարածքը վարչական շրջաններու բաժնելու իրողութիւնն է: Աւելի՛ն, ռուսական բանակը հայաթափ Արեւմտահայաստանին ընդմէջէն պիտի տեսնէր «Հայաստան առանց հայու» իրավիճակ մը որ շատ հաւանաբար իր կայսերական հաշիւներուն պիտի ծառայեցնէր:

Բարեբախտաբար հայ եւ քիւրտ ժողովուրդներու ճակատագիրը որոշուեցաւ Սեւրի Դաշնագրով եւ մինչ ճիշդ է որ Սեւրն ալ մեծապետական շահերու հաշիւով համաձայնեցուած է եւ ոչ անպայմանօրէն ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի հարազատ արտայայտութիւն այն շատ հեռու է լոկ գաղութատիրական անպատկառութենէն: Սեւրի մէջ հայկական պատուիրակութիւնը մասնակից էր եւ կար հայկական պետութիւն մը որ ժողովուրդը կը ներկայացնէր: Այս պարզ իրողութեան կարեւորութիւնը կը հասկցուի միայն եթէ անդրադառնանք որ հակառակ սովետական տիրապետութեան եւ սովետական պատմագրութեան ամէն աւաղաղումներուն Սեւրը հաստատ մնաց հայ ժողովուրդի հաւաքական գիտակցութեան մէջ որպէս իրաւաթուղթ:

Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հարիւրամեակէն հազիւ երկու տարի առաջ, եւ մինչ անհրաժեշտ է զերծ մնալ 1918-1920 դժուար ու Վրացեանի բառերով «անձեւ քաոսային» տարիներուն միամիտ իտէալականացումէն, նոյնքան հրամայական է գիտակցիլ որ պատմութեան արկածի բերումով հայ ժողովուրդին անխուսափելի անկախութեան արժէքային իմաստը շուտով ըմբռնուեցաւ օրուայ ղեկավարութեան կողմէ եւ սկիզբ դրուեցաւ ե՛ւ ներքին իմաստով հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն ժողովրդավար վարչակարգ ու սոցիալապէս արդար հասարակարգ ստեղծելու, ե՛ւ արտաքին իմաստով պատմական հայրենիքին տէր կանգնելու գործընթացին: Այսինքն՝ առաջնահերթութիւն տրուեցաւ ազգային տեսլականին: Այդ ազգային տեսլականէն զուրկ էին անոնք որոնք վստահելով Լենինին ու ռուսական յեղափոխութեան խոստումներուն Յեղկոմեան բռնատիրութիւն հաստատեցին եւ ներքնապէս այնքան հիւծեցին Հայաստանի Հանրապետութիւնը որ յաջորդ տարիներուն պոլշեւիկներուն եւ քեմալականներուն ձեռամբ սարքուած զոհասեղանին դրուեցան Սեւրը, Ախալքալաքը, Նախիջեւանն ու Արցախը:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.