«Քանի Ղարաբաղը Նստած Չէ Բանակցային Սեղանի Շուրջ, Անոնք Բանակցութիւններ Չեն»
- (0)
20 մայիսին Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան յայտնած է, որ միայն անտեղեակ մարդը չի գիտեր, թէ Լեռնային Ղարաբաղի լուծման գործընթացին մէջ ինչ փաստաթուղթեր կան մինչեւ հիմա, ինչ փուլային կամ փաթեթային կարգաւորում եղած է:
Ըստ պատգամաւորին, տակաւին կանուխ է խօսիլ այն մասին, թէ ի՛նչ բանակցային տարբերակ կ՛առաջարկուի վերջին իրադարձութիւններուն առնչութեամբ, բայց երեք սկզբունքները, որոնց վրայ խարսխուած է լուծումը, արդէն կը խօսին այն մասին, որ 97-98 թուականներուն հետ բաղդատելու եզրեր չկան, եւ համեմատութիւնն ալ ճշգրիտ չէ: Ռուստամեան ըսած է. «Մենք երկար ժամանակ ունեցած ենք երկու սկզբունք, այն ալ` աղաւաղուած, մէկը` տարածքներու վերադարձ` յանուն խաղաղութեան, որ մերժուեցաւ, միւսը` տարածքներ` կարգավիճակի դիմաց, որ նոյնպէս չընդունուեցաւ»:
«Ներկայ հանգրուանին հարց ունինք, որ, կարելի է ըսել, մասամբ լուծուեցաւ: Այն է` պէտք չէ թոյլ տալ, որ Ազրպէյճանը տպաւորութիւն ստեղծէ, թէ կողմ է խաղաղ բանակցութիւններուն: Մեր դիւանագիտական սխալը եղած է այն, որ, երկակի չափանիշներ կրելով, Ազրպէյճան անբնական ձեւով տարած է իր յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը: Ուրեմն` եթէ կը բանակցինք, գնդացիրներն ու հրետանին պէտք է լռեն, եթէ այդպէս չէ, անիմաստ է», խօսիլ բանակցութիւններու մասին», ըսած է պատգամաւորը` աւելցնելով, որ նախ պէտք է ամրագրել զինադադարի դրութիւնը, ներդրել հետաքննութեան մեքանիզմներ, անկէ ետք միայն կարելի է խօսիլ նոր փուլի մը մասին, այդ ալ` հանդիպումներու փուլին, ոչ թէ բանակցութիւններու:
Ան հաստատած է, որ մինչեւ հիմա բանակցութիւններ տեղի չեն ունեցած, քանի դեռ երեք կողմերուն մասնակցութիւնը չկայ: «Հանդիպումը երկու նախագահներուն միջեւ բանակցութիւն չէ, այլ հանդիպում` բանակցութիւններ կազմակերպելու համար: Եւ այնքան ատեն որ Ղարաբաղը նստած չէ բանակցային սեղանին, ուրեմն անոնք բանակցութիւններ չեն», շեշտած է Ռուստամեան:
Միւս կողմէ, «Առաւօտ»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին թղթակիցը անդրադարձած է Զարուհի Փոստանջեանի այն ակնարկութեան, թէ որքան ալ փորձեն քառօրեայ պատերազմին կորսուած 800 հեկտար տարածքը ներկայացնել իբրեւ ոչ նշանակալի, բայց ակնյայտ է, որ Թալիշը այդ պատճառով Ազրպէյճանի նշանառութեան թիրախ է, Մարտակերտը անվտանգ չէ, եւ հայկական կողմը փաստօրէն գիւղ կորսնցուցած է` Ռուստամեանին հարցնելով, որ արդեօք համաձա՞յն է այս տեսակէտին:
«Շփման գիծը անընդհատ փոխուած է եւ տակաւին կրնայ փոխուիլ: Այդ գիծը տուեալ պահու հիմամբ պէտք չէ ամրակայել, ատիկա փոփոխական եղած է եւ պիտի ըլլայ: Այո՛, քանի մը դիրքեր իրենք առած են, բայց գիւղ չեն գրաւած: Իբրեւ բնակավայր` իրենք ոչ մէկ բնակավայր կրցած են գրաւել: Վստահաբար, պատերազմական գործողութիւնները սառեցուած են, զինադադարը հաստատուած է իրենց իսկ խնդրանքով: Այստեղ ալ կարելի է մտածել, թէ մենք ինչու անգամ մը եւս համաձայն գտնուեցանք իրենց խնդրանքին: Մենք պարզապէս յարգած ենք այդ պայմանաւորուածութիւնը, բայց ինչո՞ւ անոնք նախաձեռնած են այդ զինադադարին, որովհետեւ շատ լաւ գիտէին, որ շփման գիծը նորէն կրնայ տեղաշարժիլ, եւ իրենց ոչ օգուտ կացութիւն ստեղծուիլ: Այդ պատճառով իրենք կանխարգելիչ քայլ կատարած են», պատասխանած է Ռուստամեան:
Ըստ Արմէն Ռուստամեանի, կացութիւնը այնպէս չէ, որ իրենք կը փորձեն ներկայացնել, թէ իրենք յաղթած են, յաջողած են պատերազմին:
Արմէն Ռուստամեան դիտել տուած է, որ մենք ալ ազրպէյճանական տարածքներ առած ենք մեր հսկողութեան տակ: «Եթէ թուաբանութիւն կատարենք` բոլորովին այլ թիւեր կրնանք ստանալ», եզրափակած է ան: