Գնդապետ Ուրֆանեանի անմահ եօթնեակէն Ռոբերտ Աբաջեանին յետմահու «Արցախի հերոս» կոչում շնորհուեցաւ


Յաղթանակի տօնի, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի եւ Շուշիի ազատագրման օրուան կապակցութեամբ Նախագահ Բակօ Սահակեան ստորագրած է շարք մը հրամանագիրներ պարգեւատրելու մասին:

2016 թուականի Ապրիլ 2-5 ինկած ժամանակահատուածին հակառակորդի սանձազերծած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններու ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պետական սահմանը պաշտպանելուն ցուցաբերած  բացառիկ քաջութեան ու արիութեան համար պաշտպանութեան բանակի կրտսեր քսանապետ Ռոբերտ Աբաջեանին յետմահու շնորհուած է «Արցախի հերոս» Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան   բարձրագոյն կոչումը եւ «Ոսկէ արծիւ» շքանշան:

Ռոբերտ Աբաջեանը Երևանի պետական բժշկական համալսարանի ուսանողներէն էր։ Ռոբերտ Աբաջեանը ծնած էր 1996-ին: բանակ զօրակոչուած է 2014-ին: 

Ռոբերտ Աբաջեանի հետ դիրքային նոյն հատուածին մէջ կռուած եւ նահատակուած էին գնդապետ Արմենակ Ուրֆանեանը, զինուորներ Քիարամ Սլոյեանն ու Անդրանիկ Զոհրաբեանը:

Առաջին անգամ է, որ նման բարձր պարգեւի կ՚արժանանայ քսանապետ մը:

Գնդապետ Արմենակ Ուրֆանեանի վաշտը ապրիլ 2-ի գիշերը առաջիններէն էր, որ ընդունեց ատրպէյճանական կողմի հարուածը: Երբ հակառակորդը կը ներխուժէ խրամատ, արդէն զոհուած գնդապետ Ուրֆաեանի զինվորներէն քսանապետ Ռոբերտ Աբաջեանը կը ստանձնէ հրամանատարութիւնը եւ պատնէշի վրայ կը շարունակէ կռիւը: Թշնամին դիտակէտերը շրջանցելով՝ կը ներթափանցէ դիրք, այդ ժամանակ Ռոբերտ Աբաջեանը կը վիրաւորուի: Վիրաւոր վիճակով զինուորը կը նահանջէ վերջին մարտական խրամախորշ եւ մինչեւ կեանքի վերջին վայրկեանը հերոսաբար կը կռուի թշնամիին դէմ: Աբաջեանը մինչեւ վերջ կապի մեջ կը մնայ գումարտակի հրամանատարին հետ՝ կռուի զարգացումներուն մասին անոր կարեւոր մանրամասնութիւններ փոխանցելով մեծապէս օգտակար հանդիսանալով գումարտակի ինքնապաշտպանութեան։

Վիրաւոր Աբաջեանը կը փորձէ նաեւ սպաննուած ընկերոջը դուրս բերել խրամատէն, սակայն կը պաշարուի։ Երբ թշնամին կը մօտենայ՝ ցոյց կուտայ իր մօտ մնացած վերջին նռնակը՝ իբրեւ թէ կ՚ուզէ յանձնուիլ, սակայն իրեն ալ հակառակորդի զինուորներուն հետ նռնակով կը պայթեցնէ:

 Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պետական սահմանը պաշտպանելուն եւ Հայրենիքի պաշտպանութեան համար մղուած մարտերուն ցուցաբերած  արիութեան եւ խիզախութեան համար «Մարտական խաչ» 2-րդ աստիճանի շքանշանով պարգեւատրուած է 1 հոգի, «Արիութեան համար» մետալով պարգեւատրուած է 44 հոգի, որմէ 4-ը` յետմահու, «Մարտական ծառայութիւն» մետալով պարգեւատրուած է 241 հոգի, որմէ 11-ը` յետմահու:

Շուշի քաղաքի ազատագրման համար մղուած մարտերուն ցուցաբերած անձնական խիզախութեան համար «Շուշիի ազատագրման համար» մետալով պարգեւատրուած է 16 հոգի, որմէ 2-ը` յետմահու:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.