Սպայական Կոչումներ՝ Բարձր Մարտական Կեցուածք Ցուցաբերած Զինուորներու


ԵՐԵՒԱՆ.– Ապրիլեան պատերազմի օրերուն Արցախի հակամարտութեան գօտիի ամբողջ երկայնքով հակառակորդին նախաձեռնած յարձակողական գործողութիւնները ետ մղելու եւ վերջինիս պատժիչ հարուածներ հասցնելու ընթացքին ցուցաբերած բարձր մարտական կեցուածքով եւ բարոյական վեհ յատկանիշներով ուշադրութիւն գրաւեցին բազմաթիւ ժամկէտային զինուորներ։ Անոնք կրցան յաճախ փոխարինել նոյնիսկ զոհուած կամ վիրաւոր հրամանատարը, տուեալ հատուածին մէջ հայկական ուժերուն յօգուտ առաջնորդելով մարտական գործողութիւններուն ընթացքը:

Ըստ պաշտպանութեան բանակի կայքին՝ նման հինգ ժամկէտային զինուորներու՝ Սամուէլ Սէյրանի Սաֆարեանին, Մասիս Մելիքի Մուրադեանին, Գոռ Վարդանի Աւագեանին, Դաւիթ Արկադիի Խատայեանին եւ Արթուր Գրիգորիի Աղասեանին վերադաս հրամանատարութեան կողմէ շնորհուած են սպայական կոչումներ:

Զինուորական ծառայողներէն Արթուր Աղասեանը աւելի կանուխ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ պարգեւատրուած է նաեւ «Մարտական խա»չ 2րդ աստիճանի շքանշանով:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.