Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Կարօ Փայլանի Ապրիլ 21-ի ելոյթի մանրամասնութիւնները


Մարի Մերտխանեան-Եարալեան

Նկատելի է, որ մեր հասարակութիւնը պոլսահայ երեսփոխան Կարօ Փայլանի 21 Ապրիլ, 2016-ի ելոյթի միայն մէկ՝ վերջին բաժինին վրայ կը կեդրոնանայ: Կը կարծեմ, որ Թուրքիոյ Միլլի Մէճլիսի մէջ արտասանուած այս խօսքը, ամբողջութեամբ, շատ կարեւոր եւ իւրայատուկ է:

Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան (HDP) խմբակցութեան անդամ Կարօ Փայլան խօսքին սկիզբը ան անդրադարձաւ 1908-1915 տարիներու խորհրդարանական կեանքին: Ընդգծեց, որ Թուրքիոյ պատմութեան գիրքերուն մէջ 1908-ի յեղափոխութեան (Ինքիլապ) պատմութեան մասին շատ քիչ կը խօսուի, որովհետեւ պատմութիւնը առաւելաբար կը կեդրոնանայ թրքական հանրապետութեան ժամանակաշրջանին վրայ: Ան յիշեցուց, որ հանրապետական շրջանէն առաջ երկիրին մէջ խորհրդարանական կեանք ստեղծուած էր: Նշեց, որ բռնակալ սուլթան Ապտուլ Համիտի իշխանութիւնը սահմանափակուեցաւ 1908-ի սահմանադրութեան հռչակումով եւ «օսմանցի ժողովուրդները մեծ խանդավառութիւն ապրեցան»: 1908-1912-ին անոնք  ապրեցան Ժողովրդավարութեան եւ ազատութեան երազը եւ այս յոյսով՝ իրենց ինքնութիւնը պահելով, սեփական ներկայացուցիչները ուղարկեցին խորհրդարան:

Փայլան, քիչ մըն ալ թիւերու լեզուով խօսելով յիշեցուց, որ 1908-ին օսմանեան պետութեան իւրաքանչիւր 5-րդ անձը հայ էր. հինգ հոգիէն երկուքը՝ հայ, յոյն, «սուրիանի» կամ հրեայ էին:

Հետաքրքրական էր, որ ան իր խօսքը կազմած էր մասնաւորապէս երեսփոխանական-ներկայացուցչական կեանքի առանցքին շուրջ: Պատգամաւորի մը յատուկ մօտեցումով, Փայլան ընդգծեց, որ տարբեր ժողովուրդներու ներկայացուցիչները փորձեցին ժողովրդավարական այս հարթակին վրայ միասին աշխատիլ՝ «նոյն հայրենիքին մէջ հաւասարապէս ապրելու համար»: Յիշեցուց, որ օսմանցիներուն մօտ «միլլէթ»ներու հասկացողութիւն կար, իսկ այսօր միայն մէկ «միլլէթ»ի մասին կը խօսուի: Այդ համակարգի մասին քանի մը նախադասութիւն ըսաւ:

Ապա անցաւ Իթթիհատ եւ Թէրաքքիի 23 Յունուար,1913-ի յեղաշրջումով սկսած շրջանին՝ ազատութիւններու սահմանափակումներուն եւ նշեց, որ քանի մը տարուան ժողովրդավարական համակարգը անցաւ Թալէաթ-Էնվէր-Ճէմալի գլխաւորած խունթային ձեռքը:

Անդրադարձաւ 24 Ապրիլ, 1915-ին տեղի ունեցած երեսփոխաններու, մտաւորականներու եւ համայնքի ղեկավարութեան ձերբակալութեան ու աքսորին եւ նշեց, որ այդ երեսփոխանները, հակառակ իրենց անձեռնմխելիութեան իրաւունքին, ձերբակալուեցան եւ դատուելու պատրուակով Անգարա ուղարկուեցան ու ճամբան՝ չէթէներու կողմէ սպաննուեցան: Յաջորդող դէպքերը նկարագրելով, ան նշեց, որ հազարաւոր տարիներէ ի վեր այդ հողերուն վրայ ապրող հայերն ու սուրիանիները իրենց հնագոյն հողերէն տեղահան եղան եւ կոտորուեցան: ընդգծեց. «Իմ ողջ ըլլալս պարտական եմ Մալաթիոյ մեր դրացիներուն: Մեծ հայրերուս հայրերը իրենց զաւակները այդ դրացիներուն վստահած են. Անատոլուի խղճամիտ մարդուն վստահած են»:  «Մեզի սուրի աւելցուքներ կ՛ըսեն».- ըսելով, Կարօ Փայլան նշեց, որ այդ օրերուն արթուն խիղճով թուրք պաշտօնեաներ ալ կային, որոնք նոյնպէս սպաննուեցան:

Պատմութեան դասը շարունակելով, Կարօ Փայլան Ա. Համաշխարհային պատերազմէն վերջ տեղիւ ունեցած խունթայի անդամներու դատավարութեան եւ վճիռներուն: Ան նշեց, որ դատավարութիւնները կը շարունակուէին, երբ հանրապետութիւն հռչակուեցաւ եւ Անգարայի մէջ կազմուած թրքական նոր խորհրդարանը այս մեծ ոճիրին հետ առերեսում չունեցաւ. Ընդհակառակը, Պօղազլիյանի Քայմաքամը եւ ուրիշներ արդարացուց:

Հակառակ միւս պատգամաւորներու բարձրացուցած աղմուկին, ան յիշեցուց, որ երկիրի 2500 փողոցներ եւ վայրեր այսօր կը կոչուին Թալէաթի, Էնվէրի եւ Ճէմալի անուններով: «Դժբախատաբար, այսօր Թալէաթ փաշա փողոցներուն մէջ կը քալենք: Կրնա՞ք երեւակայել, որ Գերմանիոյ Հիթլէր փողոցի մէջ կը քալէք»,- հարցուց աղմկարար իր գործընկերներուն:

Շատ կարճ անդրադարձաւ յաճախ հնչող արդարացուցիչ բացատրութիւններուն. ապստամբութիւններ, պատերազմական պայմաններ եւայլն: Ան ուշադրութեան յանձնեց, որ այլեւս երկրին մէջ ժողովրդավար քաղաքականութեան պայմաննեւ չկային եւ ընդգծեց, որ անարդարութիւնը ապստամբութեան կ՛առաջնորդէ: Փայլան յիշեցուց նաեւ, որ պատերազմը ռուսական սահմանին վրայ էր, բայց Պուրսայի,Թէքիրտաղի, Մալաթիոյ հայերը աքսորուեցան: Ու շատ յստակ ըսաւ, որ նոյնիսկ եթէ յանցանք մը կար, ապա պատիժը անհատական պէտք է ըլլար, ոչ՝ հաւաքական: Հայ եւ սուրիանի ժողովուրդները հաւաքաբար ջարդուեցան:

Կարօ Փայլան ըսաւ, որ ասոր հետեւանքով «բոլորս կորուստ ունեցանք: Հայու եւ թուրքի ինքնութիւնը հիւանդացաւ: Չարութիւնը սովորական դարձաւ եւ 100 տարի է մութ փապուղիին մէջ կը քալենք»:
Հետաքրքրական զուգահեռով մը, Փայլան նշեց, որ այս օրերուն ալ ժողովրդավարական համակարգը մէկդի ձգելու, անձեռնմխելիութիւնները վերացնելու մասին կը խօսուի եւ յիշեցուց, որ այդ ուղին քանի անգամներ անցած են ու արդիւնքը ջարդ եւ արցունք եղած է:

Ան պատմութեան հետ առերեսման կոչ ըրաւ, որովհետեւ առանց առերեսման կարելի չէ առողջանալ: Ան ըսաւ. «Բոլորս արդար յիշողութեան կարիքն ունինք»: Փայլան, որպէս երեսփոխանի, կարծիք յայտնեց, որ այս խնդիրի քննարկումը ոչ թէ օտար, այլ՝ միայն Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս պէտք է կատարուի:

Ապա, մէկ առ մէկ ներկայացուց հայ նահատակ երեսփոխանները, որոնք միասին ապրելու երազը իրականացնելու իրենց գործին զոհը դարձան: Անուններուն հետ ան նշեց նաեւ անոնց ներկայացուցած շրջանները՝ Կ. Պոլիս, Սվազ (Սեբաստիա) Վան, Կարին, Մուշ, Թէքիրտաղ եւ Հալէպ…

Խօսքի աւարտին, Կարօ Փայլան համոզում յայտնեց, որ Թուրքիոյ Ազգային ժողովը պէտք է յարգէ այս նահատակ երեսփոխաններու յիշատակը եւ յատուկ յանձնախումբ ստեղծէ՝ քննելու համար անոնց ձերբակալութեան ու սպանութեան պարագաները:

Եւ վերջապէս, «Անոնց յիշատակին դիմաց յարգանքով կը խոնարհիմ: Ատուած իրենց հոգին լուսաւորէ» ըսելով հեռացաւ ամպիոնէն:

Փորձեցի ներկայացնել Կարօ Փայլանի այս աննախընթաց ելոյթի կարեւոր բաժինները:

ՀԲնականաբար, մինչ համախոհ երեսփոխաններ լուռ կը հետեւէին, ուրիշներ «Դաշնակներն ալ յիշէ», «Ասալան ալ յիշէ» խօսքերով կը փորձէին խանգարել այս ելոյթը: Սական, սքանչելի ինքնատիրապետութեամբ եւ վստահութեամբ, Կարօ Փայլան իր լարուած ելոյթը աւարտեց եւ միտքերը յստակօրէն փոխանցեց:

ետաքրքրական էր խօսքի կառոյցը. սովորական դարձած մօտեցումներէն հեռու, կեդրոնանալով քաղաքական ազատութեան պայմաններուն եւ հաւասարութեան հաւատացող փոքրամասնութիւններու ճակատագրին վրայ, Փայլան ուղղակիօրէն պարտաւորութեան մը դիմաց կը դնէ «մէպուս»ներու յաջորդները՝ «միլլի մէջլիսի երեսփոխանները»: Դահիճները մէկ առ մէկ նշելով՝ Փայլան համարձակօրէն լուսարձակի տակ առաւ իր գործընկերներու արժէքային համակարգը…

Այս ամպիոնէն նման զիլ եւ յստակ ելոյթի չէի հանդիպած:

Հեռու չէ, որ իշխանական եւ ազգայնամոլ երեսփոխանները այս կոչը անտեսելով, նոյնինքն Փայլանի անձեռնմխելիութիւնը վերցնելու եւ զայն դատելու առաջարկ ընեն: Վստահ եմ, որ ելոյթը անպատասխան պիտի չմնայ: Կարօ Փայլանի այս ելոյթը այս, կամ այն ձեւով, օրակարգ կրնայ ստեղծել:

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.