Գանատայի Դեսպան Արմէն Եգանեան հանդիպեցաւ Խորհրդարանի Մարդկային իրաւանց ներկայացուցիչին հետ


 

Ապրիլի 21-ին Գանատայի ՀՀ դեսպան Արմէն Եգանեան աշխատանքային հանդիպում ունեցաւ Գանատայի խորհրդարանի արդարատութեան և մարդկային իրաւանց մշտական յանձնաժողովի նախագահ Էնթոնի Հաուսֆատըրի հետ:

 Հանդիպման սկիզբը, երկու կողմերը անդրադարձան ապրիլի 23-ին Երևանի մէջ կայանալիք «Ընդդէմ ցեղասպանութեան հանցագործութեան» երկրորդ գլոբալ ֆորումին` ընդգծելով այն հանգամանքի կարևորութիււնը, որ Երևանի մէջ կայանալիք միջոցառումներուն Գանատայի կառավարութիւնը պաշտոնապէս պիտի ներկայացուի` յանձին խորհրդարանի անդամ Բրայան Մէյի գլխաւորած պատուիրակութեան:

 Հանդիպման ընթացքին, դեսպան Եգանեանը պարոն Հաուսֆատըրի մանրամասն կերպով ներկայացուց  Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ սկիզբ առած վերջին իրադարձութիւնները: Կողմերը համաձայնեցան, որ հարկաւոր է հանդէս գալ յստակ վերաբերմունքով` հասցէական կոչերով դատապարտելով ռազմական գործողութիւնները նախաձեռնողին: Պարոն Եգանյանն եւ Հաուսֆատըր խստօրէն քննադատեցին Ղարաբաղի վերջին բախումներու ընթացքին անթոյլատրելի զինատեսակներու կիրառումը,եւ մարդկային անձերու խոշտանգումը


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.