Ֆրանսայի մօտ Ազրպէյճանի դեսպանը կը մերժէ մասնակցիլ France24-ի Արցախի մասին բանավէճին
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի այսօր, 7 Ապրիլ 2016,ի երեկոյեան Ֆրանսայի ժամով 7։10-7։30-ին, Ազրպէյճանի դեսպանին հետ France24-ի ուղիղ եթերով տեղի ունենալիք բանավէճը ջնջուած է։ Ազերի դեսպանը քաշուած է եւ վերջին պահուն մերժած է հանդէս գալ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի հետ բանավէճելէ։
Ստորեւ Մուրատ Փափազեանի յայտարարութիւնը.
ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ԲԱՆԱՎԷՃԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻԼ
France24 պատկերասփիւռի կայանը ինծի տեղեկացուց, թէ Ազրպէյճանի դեսպանը կը մերժէ մասնակցիլ այսօրուան (Հինգշաբթի, 7 Ապրիլի երեկոյեան ժամը 7։10Է7։30 Ֆրանսայի ժամով) բանավէճին։ Այսմ վերաբերմունքով ան ցոյց կու տայ իր անպատրաստուածութիւնը։ Մերժելով այս բանավէճի մասնակցութիւնը, ազերի դեսպանը ցոյց կու տայ, որ ինք կը վախնայ ժողովրդավար կարգերով բանավէճի մասնակցելէ։ Ես, մեծապէս կը դատապարտեմ այս վախկոտ քաղաքականութիւնը, այն միջոցին, երբ Ազրպէյճանի բանակը կը շարունակէ խախտել զինադուլը, որ յայտարարուած էր Երեքշաբթի, 5 Ապրիլին։
Յստակ է, որ այս բանավէճը մաս չի կազմեր Ազրպէյճանի մշակոյթին։
Ժամանակն է ամրապնդել մեր զօրահաւաքները, զօրահաւաքներ, որոնք տեղի պիտի ունենա Փարիզի, Լիոնի, Մարսէյլի, Նիսիմէջ եւ ամէնուրեք։
Շնորհակալութիւն այս ընթացքին մեզի զօրակցողներուն։