ԼՂՀ Կառավարութիւնը Կը Դիմէ Համայն Հայութեան


Արցախի համար ստեղծուած այս ծանր իրավիճակին՝ հազարաւոր հայրենակիցներ կը դիմեն Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան` յայտնելով իրենց աջակցութիւնն ու օգնութիւն ցուցաբերելու պատրաստակամութիւնը:

Այդ առնչութեամբ` Արցախի Հանրապետութեան կառավարութիւնը թիկունքային եւ ճարտարագիտական աշխատանքները Պաշտպանութեան բանակին հետ համադրելու համար ստեղծած է յատուկ յանձնախումբ, որ կը գլխաւորէ ԼՂՀ վարչապետը, յանձնախումբի անդամներն են`
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեանը
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար-նախարար Լեւոն Գրիգորեանը
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան տնտեսութեան նախարար Անդրանիկ Խաչատրեանը
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեանը
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան աշխատանքի եւ հասարակական հարցերու նախարար Սամուէլ Աւանեսեանը
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութեան առընթեր արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տնօրէն Արթուր Յարութիւնեանը
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան գիւղի եւ գիւղատնտեսութեան աջակցութեան հիմնադրամի տնօրէն Աշոտ Բախշիյեանը
Արցախի ներդրումային հիմնադրամի տնօրէն Արտակ Միրզոյեանը

Ստեղծուած յատուկ յանձնախումբի պարէնային ծառայութեան պատասխանատու նշանակուած է ԼՂՀ գիւղի եւ գիւղատնտեսութեան աջակցութեան հիմնադրամի տնօրէն Աշոտ Բախշիյեանը (հեռ.` 097-25-09-09, 047 959066), իրային ծառայութեան ապահովման մասով` Արցախի ներդրումային հիմնադրամի տնօրէն Արտակ Միրզոյեանը (հեռ.` 097-20-00-28, 047 975577) :

Արտակարգ իրավիճակներու մէջ սահմանամերձ եւ հրետակոծման տակ գտնուող բնակավայրերու քաղաքացիներուն ժամանակաւոր տարահանման մասին ընդունուած որոշումներու համաձայն` բնակչութեան աջակցութիւն ցուցաբերելու եւ հասարակական որոշ խնդիրներու լուծման նպատակով ԼՂՀ կառավարութեան աշխատակազմին մէջ նշանակուած են պատասխանատուներ` կապի հետեւեալ տուեալներով`
ԼՂՀ կառավարութեան աշխատակազմ, 1-ին յարկ, 109 աշխատասենեակ, հեռ.` 097-22-00-81, 097-22-44-44, 047-95-42-30
ձեր փոխանցումները կրնաք կատարել հետեւեալ հաշուեհամարներուն`
ՀՀ դրամով.
սպասարկող դրամատուն` «Արցախբանկ» ՓԲԸ
հասցէ` Կիեւեան փողոց 3, Երեւան, Հայաստան
SWIFT` ARTSAM22
հաշուի համարը` 22300612211100
ստացող` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ֆինանսներու նախարարութիւն,
ԱՄՆ տոլարով.
սպասարկող դրամատուն` «Արցախբանկ» ՓԲԸ
հասցէ` Կիեւեան փողոց 3, Երեւան, Հայաստան
SWIFT` ARTSAM22
հաշուի համարը` 22300110153200
ստացող` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ֆինանսներու նախարարութիւն:

Արցախի Հանրապետութեան կառավարութիւնը երախտագիտութիւն կը յայտնէ բոլոր աջակցողներուն` ստեղծուած այս դժուարին ժամանակահատուածին արցախցիներուն սատարելու եւ նիւթական ու բարոյական աջակցութիւն ցուցաբերելու պատրաստակամութեան համար:

ԱՀ կառավարութեան աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժին


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.